Ուրբաթ, 12 Յունիս 2024-ին, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին, «Շահպաա Հալէպ» ցանկի ընտրութեան թեկնածուները, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ ազգի միասնական թեկնածու Մարիա Մանուկ (Գաբրիէլեան), ժողովրդային ընդունելութիւն մը կազմակերպեցին, Հալէպի «Շահպաա» պանդոկի պարտէզէն ներս։

Ընդունելութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ. Հայր Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Հալէպի բնակչութեան այլազան բաղադրիչներու ներկայացուցիչներ։

Ընդունելութեան բացման արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը։

Ընդունելութիւնը կը հովանաւորէր «Շահպաա Հալէպ» ցանկի թեկնածու Հասան Շաապան Պըրի։

Այս առիթով խօսք առին նախ թեկնածու Ճորճ Պախխաշը, որ բարի գալուստ մաղթելով հազարի հասնող հրաւիրեալներուն, անոնց ծանօթացուց ցանկի բոլոր թեկնածուներուն։ Ապա խօսք առաւ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար զօրակցութիւն յայտնեց թեկնածուներուն եւ շեշտեց հոծ ներկայութեամբ ընտրութեան փութալու կարեւորութիւնը, որպէսզի ընտրութեամբ մեկնարկը կատարուի Սուրիական Հայրենիքի բարեփոխումին, գլխաւորութեամբ Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին։

Ընդունելութիւնը շարունակուեցաւ բարեմաղթութիւններու փոխանակումով։
«Շահպաա Հալէպ» ցանկի թեկնածուները հաստատեցին, որ ընտրուելու պարագային պիտի սատարեն Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի ծաղկումին ու բնակչութեան բարօրութեան ծառայող ծրագիրներուն։