Սփիւռքի տարածքին ապրող հայ դպրոցականներու կամ հայ մարդոց քանի՞ տոկոսը գիտէ, թէ ի՞նչ է «պարոյկ»-ը։
Վստահաբար՝ քիչեր միայն։
Պարոյկը հայերէն լեզուին մէջ գործածուող առոգանութեան երեք նշաններէն մէկն է՝ շեշտին (՛) ու երկարին (՜) կողքին։ Ունի իւրայատուկ ձեւ մը (՞)։ Անիկա համազօր տարբերակն է լատիներէնի հարցման նշանին՝ ?-ին, զոր մենք չենք գործածեր։
Մտահան պէտք չէ ընել, որ առոգանութիւնը բառերը ուղիղ արտասանելու արուեստն է։
Ինչպէս բանաւոր, այնպէս ալ գրաւոր արտայայտութեանց մէջ՝ բոլորս ալ մեր ձայնին կու տանք որոշ ելեւէջներ, որպէսզի լսողը հասկնայ թէ կը հրամայե՞նք, կը հաստատե՞նք, կը հարցնե՞նք, թէ՞ կը զարմանանք…։ Գրաւոր արտայայտութեան մէջ այս զանազանութիւնը ձեռք կը բերուի առոգանութեան նշաններով։ Պարոյկը, ահաւասիկ, այդ կարեւոր նշաններէն մէկն է։ Զայն կրնանք կոչել նաեւ «հարցման նշան»։
Պարոյկը կը դրուի հարցում արտայայտող դերանուններուն կամ բառերուն վրայ։  Օրէնք է որ նշանը առհասարակ զետեղենք տուեալ բառին վերջին ձայնաւորին վրայ։ Օրինակներ.
_ Ինչո՞ւ կու լաս։ Մայրի՞կդ կը փնտռես։
_ Ո՞վ կ’ուզէք։ Տնօրէնը կանչե՞մ։
_ Քանի՞ տարեկան էր ողբացեալը։
_ Որքա՞ն պարտական եմ քեզի։
_ Ուրտե՞ղ պիտի կայանայ նստացոյցը. դեսպանատան դիմա՞ց։
_ Ինչպէ՞ս կը պատրաստէք այդ ճաշը։
_ Լուացա՞ծ ես պնակները։
_ Քանիակա՞ն մատիտ բաշխեցին երեխաներուն։
_ Զինք չե՞ս տեսած տակաւին։
_ Չ’ո՞ւզեր մեզի ընկերանալ։
Հայերէնը հաւանաբար աշխարհի միակ լեզուն է, ուր հարցման նշանը պարտադրաբար նախադասութեան աւարտին չի դրուիր (եւրոպական լեզուներու կամ արաբերէնի նման), այլ կարելի է զայն դնել նախադասութեան ո՛րեւէ մէկ անդամին վրայ, ըստ պահանջքի։
Պարոյկ ստացող բառը արտասանելու ատեն մեր ձայնը քիչ մը կը բարձրանայ:
* Պարոյկը ուր որ դրուի՝ տուեալ բա՛ռն է որ հարցական դիմագիծ կը ստանայ։ Սերտեցէ՛ք հետեւեալ չորս օրինակները.
_ Դուն այսօր թատրո՞ն պիտի երթաս։ (Պատասխանը՝  «Ո՛չ, երգահանդէսի՛ պիտի երթամ»)։
_ Դուն այսօ՞ր թատրոն պիտի երթաս։ (Պատասխանը՝  «Ո՛չ, վա՛ղը պիտի երթամ»)։
_ Դուն այսօր թատրոն պիտի երթա՞ս։ (Պատասխանը՝  «Այո՛, պիտի երթամ»)։
_ Դո՞ւն այսօր թատրոն պիտի երթաս։ (Պատասխանը՝  «Չէ՛, եղբա՛յրս պիտի երթայ»)։
* Հարցական բառեր կամ նախադասութիւններ կապող «թէ» շաղկապը պարոյկ կ’ուզէ։ Օրինակ՝ «Շարունակե՞նք պայքարիլ, թէ՞ զէնքերը վար դնենք»։ Կամ՝ «Կարմի՞րը նախընտրեցիր, թէ՞ կանաչը»։ Կամ՝ «Մնա՞մ, թէ՞ մեկնիմ»։ Նախադասութիւնները ունին երկու հարցում, հետեւաբար՝ երկու պարոյկ։
* «Միթէ» բառին պարագային՝ պարոյկը կը դնենք «ի» գիրին վրայ։ «Մի՞թէ տեղեակ չէր պատահածներէն»։
«Քանիերորդ» բառն ալ, բացառաբար, պարոյկ կ’առնէ «ի» գիրին վրայ։ «Քանի՞երորդ ճամբորդութիւնդ է այս մէկը»։
* * *
Եկէ՛ք «պարոյկ» բառին վերջին տառը փոխենք։ «Կեն»-ը փոխարինենք «րէ»-ով։ Ի՞նչ արդիւնք կու տայ. կը ստանանք արական ՊԱՐՈՅՐ անունը, որ մեզ պտոյտի կրնայ հանել դէպի մեր պատմութեան ամէնէն հեռաւոր ու անյիշելի շըրջանները…։
Արդէն, ըստ Աճառեանի հաւաստիացումներուն, «Պարոյր» կը նշանակէ «շրջան, պտոյտ»։ Հայկական բառարանները բառիս իբրեւ հոմանիշ կու տան նաեւ ծիր, շրջագիծ, բոլորագիծ բացատրութիւնները։ «Պարոյր» կը կոչենք նաեւ պտուտակին (vis) ոլորուն ակռաները։
Իրականութեան մէջ՝ թէ՛ «պարոյկ»-ին եւ թէ՛ «Պարոյր»-ին արմատը նո՛յն է. ՊԱՐ։ Ու մենք պէտք է գիտնանք, որ «պար»-ը բացի «պարել» ծանօթ բային արմատը ըլլալէ՝ իր նախնական իմաստով կը նշանակէ շուրջ, շրջան, բոլորակ։ կը նշանակէ միաժամանակ լեռնաշղթայ, կողք-կողքի շարուած լեռներու շարք։ Հայաստանի աշխարհագրութեան դասագիրքերուն մէջ չէ՞ք հանդիպած «Հայկական պար» տեղանունին, որ փաստօրէն կը նշանակէ «Հայկական լեռնաշղթայ» եւ որ կը սկսի Մասիսէն ու կը հասնի մինչեւ Բարձր Հայքի լեռները։ Տակաւին, օգտակար է գիտնալ, թէ նոյն «պար» արմատով է որ կազմուեր են պարագայ (շրջակայ, պայման, կացութիւն, որեւէ բան շրջապատող ու անոր վրայ ազդող հանգամանք), պարունակել ու պարփակել (շուրջինները իր մէջ առնել, բովանդակել), անպարագիծ (այն որ շրջագիծ կամ սահմանագիծ չունի, անսահման), պարբերական ու պարբերաթերթ (ատենը անգամ մը՝ շրջան առ շրջան երեւցող հրատարակութիւն) եւ շարք մը այլ բառեր…։
Հնչիւնային տեսակէտէ՝ գեղեցի՛կ անուն է «Պարոյր»-ը, որուն գործածութիւնը, դժբախտաբար, խիստ նուազած է ներկայիս։ Մեր հայկական վարժարաններուն մէջ դուք երբեւիցէ հանդիպե՞ր էք «Պարոյր» անունը կրող աշակերտի մը…։
Մինչդեռ, այս սիրուն անունը կը կրէր հայոց առաջին թագաւորը։
Ես Պարոյր անունին առաջին անգամ հանդիպեցայ շա՜տ տարիներ առաջ, իմ պատանի տարիքին, երբոր սկսայ կարդալ Սիմոն Սիմոնեանի հայոց պատմութեան դասագիրքերու զմայլելի շարքը։ Հոն, Սիմոնեան կը խօսէր Պարոյր անունով հայ իշխանի մը մասին, որուն օրով Հայաստանն ու իր բնակչութիւնը կը տառապէին Ասորեստանի ծանր լուծին տակ։ Պարոյր որոշեց փրկել իր հայրենիքը հարաւի այդ դրացիին կապանքներէն։ Բայց որովհետեւ անկարելի էր առանձինն իրականացնել այդպիսի դիտաւորութիւն մը, հայոց իմաստուն իշխանը դաշնակցեցաւ մեզի դրացի մարերու եւ բաբելացիներու թագաւորներուն հետ, որոնց բանակները  միասնաբար յարձակեցան Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէի վրայ ու իվերջոյ կրցան գրաւել ու կրակի տալ զայն…։
«Բոցը բարձրացաւ դէպի երկինք,_ կը պատմէր Սիմոնեան։ Ասորեստանցիներու վերջին թագաւորը ինքզինք նետեց իր պալատի կրակներուն մէջ եւ այրեցաւ։ Վերջացաւ անգութ ասորեստանցիներու տէրութիւնը եւ ազատեցան հպատակ ժողովուրդները»։ Մարերու Կիաքսար թագաւորը, իբրեւ երախտագիտութեան նշան, ոսկիէ թագ մը ղրկեց Պարոյր իշխանին, որ այսպիսով դարձաւ հայոց առաջին թագաւորը։ Այս դէպքերը տեղի ունեցան Ք.ա. 7-րդ դարուն։
Ուրիշ Պարոյր մը եւս, դա՛րձեալ հին դարերէն, կրնայ շոյել մեր ազգային ինքնասիրութիւնը։
Ասիկա Պարոյր Հայկազնն է, որ Դ. դարու սկիզբները Աթէնքի ամէնէն հռչակաւոր ճարտասաններէն մին էր, հռետորական արուեստի անմրցելի վարպետ մը։ Յունական աղբիւրներու մէջ կը յիշատակուի իբրեւ Պրոյերեսիոս Հայկազն։ Կեսարացի հայ տոհմիկ ընտանիքէ մը կը սերէր։ Երկար տարիներ, մինչեւ խոր ծերութիւն, դասաւանդեց Աթէնքի իմաստասիրական դպրոցին մէջ, ուր կը յաճախէին ազնուական վերնախաւի զաւակներ, ապագայ կայսրեր ու զօրավարներ։ Իր երեւելի աշակերտներուն շարքին էին Հռոմի ապագայ կայսր Յուլիանոս, Եկեղեցւոյ Հայրերէն Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նազիանզացի աստուածաբանը եւ այլք։ Հռոմայեցիք այնքա՛ն յարգած ու մեծարած են զինք՝ որ մայրաքաղաքին մէջ կանգնեցուցեր են անոր արձանը, իր կենդանութեա՛ն իսկ։
Յունական սկզբնաղբիւրներու մէջ պահպանուած են իր մասին վկայութիւններ, կենսագրական (հեղ.՝ Եւնաբիոս\Eunapius), մահախօսական, նամակներ ու ձօներ։ Մեր արեւելահայ վիպասանը՝ ՐաՖՖի, փոքրածաւալ վիպակ մը գրած է այս անունով (ԹիՖլիս, 1894), իսկ Մուշեղ Իշխան ունի թատերգութիւն մը՝ «Պարոյր Հայկազն եւ Մովսէս Խորենացի» (1978), որ քանիցս բեմադրուած է Լիբանան եւ Սուրիա։ Այս զոյգ գործերը, դիտաւորեալ կերպով, կատարած են ժամանակագրական պատշաճեցում մը (anachronism)՝ դէմ-յանդիման բերելով Խորենացին ու Պարոյրը, որոնք իրարու ժամանակակից չեն։ Խորենացի կը յորդորէ Պարոյրը Հայաստան վերադառնալ՝ նպաստելու համար իր պետականութիւնը կորսնցուցած թշուառ երկրին մտաւորական վերելքին, իսկ Պարոյր կը մերժէ գործել Հայաստանի նման նեղ եւ «անհորիզոն» շրջանակի մը մէջ ու կը յայտնէ, թէ կը նախընտրէ ծառայել համայն մարդկութեան…։
Եկէ՛ք ոստում մը կատարենք հին դարերէն դէպի մեր դարաշրջանը ու… հետապնդենք Պարոյրները։
Օ՜, հակառակ մեր կանխատեսումներուն՝ բաւական երեւելի «Պարոյր»-ներ շուրջպար պիտի բռնեն մեր դիմաց։ Ու ասոնց մէջ ամէնէն աչքառուն Պարոյր Սեւակն է անշուշտ։
Հէ՜ք Պարոյր Սեւակ. որքա՜ն կանուխ մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ դեռ առանց բոլորելու իր յիսնամեակն իսկ (1924-1971)։ Չարենցէն ետք՝ խորհրդահայ քերթողութեան ամէնէն տաղանդաւոր ու տիրական դէմքը դարձեր էր ան, անկասկա՛ծ, իր ուժեղ խառնուածքով ու եռուն հոգիին պոռթկումով։ Գեղեցիկ խօսքի իսկական վարպետ մըն էր ու հայերէն լեզուի խորահմուտ երկրպագու մը։ Իր «Անլռելի զանգակատուն»-ը, առ այսօր, չի դադրիր բեմերու զարդն ըլլալէ. իր «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութիւնը վար չ’իյնար հայ աշակերտներու շրթներէն…։ Որքա՜ն հասուն միտք ու վարակիչ յոյզ կայ իր քերթողական վաստակին մէջ՝ անիկա կոչուի «Նորից քեզ հետ», «Այր մի Մաշտոց անուն», «Մարդը ափի մէջ» թէ «Եղիցի լոյս»…։
Պարոյր Սեւակի մասին գրուած են անշուշտ անթիւ-անհամար յօդուածներ, նաեւ՝ առանձին հատորներ, վերլուծական կամ գրականագիտական բնոյթի։ Միջին ընթերցողը, սակայն, անպայման պէտք է կարդայ հայրենի գրականագէտ Լեւոն Հախվերտեանի «Պարոյրը» յուշագրական փոքրածաւալ գիրքը (Պէյրութ, 1981), ուր սքանչելի եւ տպաւորիչ մանրավէպեր պատմուած են արկածահար բանաստեղծին կեանքէն, մտածողութենէն ու ապրումներէն։
Քերթողութենէ հեռու՝ Հայաստանի մէջ ա՛յլ մարզի մը հեղինակաւոր մէկ անունն էր փրոՖ. Պարոյր Մուրատեան (1933-2011)։ Ծնունդով՝ Ջաւախքի շրջանէն էր։ Երկար տարիներ ուսումնասիրեց հայ-վրացական միջնադարեան մշակութային կապերը, սերտեց Կովկասի ժողովուրդներուն անցեալը, իր հայեացքէն չհեռացուց վիրահայոց պատմութիւնը ու մասնագիտական հարիւրաւոր յօդուածներ ստորագրեց այս մասին՝ Հայաստանի բանասիրական մամուլին մէջ։
Հայաստանի մէջ ծանօթ անուն մըն է Պարոյր Հայրիկեանն ալ (ծն. 1949), որ խորհրդային շրջանին նշանաւոր այլախոհ մըն էր՝ որպէս անդամ կամ ղեկավար ընդյատակեայ Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան: Անկախութենէն քանի մը տարի առաջ ալ ան հիմնեց ու գլխաւորեց Ազգային Ինքնորոշում Միաւորումը: Բանտարկուեցաւ, ազատազրկուեցաւ քանիցս: 90-ականներուն ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ:
Լրագրական կալուածին մէջ եւս ինծի ծանօթ են քանի մը «Պարոյր»-ներ։
Նախ, կ’արժէր յիշել մոռցուած անուն մը՝ Պարոյր Քէչեանը (1884-1946)։ Պոլսոյ նախաեղեռնեան շրջանի ազդեցիկ լրագրերէն «Բիւզանդիոն»-ի հիմնադիր-խմբագիր Բիւզանդ Քէչեանի զաւակն էր ան։ Քալեց հօրը ուղիէն՝ ամբողջ կեանքը նուիրաբերելով մամուլի աշխատանքին։ Տարիներո՜վ պոլսահայ թերթերը ողողեց բազմաբնոյթ յօդուածներով (յաճախ ալ՝ սուր գրչապայքարներով), որոնց մէջ ի յայտ կու գար ոչ միայն հմուտ գրաբարագէտն ու լեզուագէտը, այլեւ պատմագէտը, աշխարհագրագէտն ու քաղաքական ելեւէջներու ուշադիր հետեւողը։
Կ’անցնիմ Եգիպտոս ու այնտեղ չեմ կրնար մոռնալ երգիծագիր Պարոյր Զ. Մասիկեանը (1914-1989)։ Ծնած էր Ատանա։ Ընթացաւարտ ըլլալէ ետք Գահիրէի Պէրպէրեան վարժարանէն՝ համալսարանական կրթութիւն ստացեր էր Եւրոպա (իրաւագիտութիւն՝ Փարիզ, գրականութիւն ու փիլիսոփայութիւն՝ Պրիւսէլ)։ 30-ական թուականներու կէսերուն Գահիրէ վերադառնալով՝ սկսած էր կիրարկել իր ասպարէզը՝ իրաւաբանութիւնը, միաժամանակ լայն աշխատակցութիւն բերելով եգիպտահայ մամուլին, առաւելաբար ստորագրելով երգիծական էջեր։ «Մեր կեանքը» (1946), «Չարերու եւ բարիներու պատմութիւն» (1946), «Կոտրած խաչեր» (1959), «Տեղատարափ» (1962) եւ «Թռիչքներ» (1987) հատորները կը փրկեն իր անունը կորուստէ ու անուրանալի տեղ մը կ’ապահովեն իրեն սփիւռքահայ երգիծական գրականութեան ածուին մէջ։ Մասիկեան վարպետ ջութակահար էր նաեւ։
Փարիզն ալ ունէր «Պարոյր» մը՝ Պարոյր Էլէկեանը։ Բոլորովին մոռցուած անուն մըն է ան հիմա։ Ծնունդով պարտիզակցի էր. կը բանեցնէր իր անունը կրող տպարան մը ու 50-ական թուականներուն կը խմբագրէր «Լուսաղբիւր» անունով գրական պարբերաթերթ մը՝ քանի մը գաղափարակից ընկերներու գործակցութեամբ։
Լիբանանն ալ աչք կը քթթէ մեզի, այստեղ, իր երկու վաստակաւոր հրապարակագիրներով, յանձինս Պարոյր Երէցեանի (1914-2006) եւ Պարոյր Աղպաշեանի (ծն.1945-ին)։ Առաջինը, ծնունդով՝ ատանացի, իր հոգածութեան առարկայ դարձուց հայ համայնավարներու «Կանչ» ապա «Ազգային Մշակոյթ» շաբաթաթերթերը՝ պատնէշի վրայ մնալով մինչեւ իր հուսկ շունչը։ Երկրորդը թէ՛ ուսուցչագործեց հայկական կրթօճախներէ ներս, թէ՛ վարեց խմբագրութիւնը ՌԱԿ-ի «Զարթօնք» օրաթերթին, 1990-2007։ Իր հրապարակագրական յօդուածներու ընտրանին լոյս ընծայուեցաւ եռահատոր շարքով մը՝ «Ապրուած հրապարակագրութիւն՝ յետադարձ հայեացքով» խորագրին տակ (Պէյրութ, 2008-2010)։
Կ’եզրափակեմ էջս երկու հոգեւորականներու յիշատակին ոգեկոչումով։
Ասոնցմէ մին Տ. Պարոյր աւ. քհնյ. Սարգիսեանն է (1930-2001)։ Արաբական Ծոցի շրջանի անդրանիկ հայ հովիւը, որ 1962-ին Քուէյթ հաստատուելով՝ հովուեց ու կազմակերպեց շրջանի նորածիլ համայնքը շուրջ 35 տարի, տնօրէնի եւ ուսուցիչի պաշտօն վարելով նաեւ տեղւոյն Ազգ. Ճեմարանին մէջ։
Միւսը՝ Տ. Պարոյր վրդ. Էքմէքճեանն է (1953-1981), Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցեալի երիտասարդ ու խոստմնալից միաբաններէն մին, գրական ակնյայտ ճաշակի տէր տղայ մը, որ ձեռնադրութեան պահուն (1974) ստացեր էր «Պարոյր» անունը՝ ի յիշատակ Պարոյր Սեւակին։ Ինկաւ սրտի կաթուածի մը անբացատրելի հարուածին տակ ու կեանքին հրաժեշտ տուաւ ծաղիկ հասակին՝ 28 տարեկանին…։
Լեւոն Շառոյեան