9 Յուլիսին, Ֆրանսայի վարչապետ Գաբրիէլ Աթալի թելադրանքով, Ֆրանսայի «Պատուոյ կարգ»-ի ազգային շքանշան շնորհուեցաւ Մուրատ Փափազեանի:
Այս շքանշանը, որուն հեղինակն է Նափոլէոն Պոնափարթ, կը շնորհուի 9 Մայիս 1802-էն ի վեր՝ զինուորական թէ քաղաքային անձանց, որոնք յատկանշական ծառայութիւն մատուցած են Ֆրանսայի: Մինչ օրս 1 միլիոն անձ պարգեւատրուած է այս շքանշանով:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Մուրատ Փափազեան համանախագահն է Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդին: