Սուրիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններու ազգի միասնական թեկնածու փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ ընտրական կեդրոնական մարմնի անդամներուն, հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄ-Ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմնին հետ։

Հանդիպումին զրոյց ընթացաւ հալէպահայ ողջ համայնքը հետաքրքրող հիմնախնդիրներուն գծով համախորհուրդ գործելու կարեւորութեան շուրջ։

Լրջախոհ մօտեցումով յատկանշուած հանդիպումը ազգօգուտ ծրագիրներու անդրադարձաւ։

Գործադիր Մարմինը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ազգի թեկնածուին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։