«Սրբազան հայր, զինուորները կը խնդրեն ոչ մէկ պարագայի չնահանջել։ Յենակէտերուն վրայ կանգնած զինուորներուն մօտ կը տիրէ այն գիտակցութիւնը, որ այստեղ կանգնած ենք, որպէսզի երկրի թիկունքի քաղաքական հասարակութիւնը հասնի այն նպատակներուն, զորս կը հետապնդէ», Հրազդանի մէջ Բագրատ Սրբազանի հետ հանդիպումին ըսաւ ներկայ երիտասարդներէն մէկը։
Ան յայտնեց, թէ ուրախ է, որ եկեղեցին ստանձնած է այս պայքարի առաջնորդութիւնը։
Բագրատ Սրբազան ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ սահմանի վրայ գտնուող մեր տղաքը այն գիտակցութեամբ ապրած են, կ’ապրին, որ ամէն գնով թոյլ չտան որեւէ պայմանաւորուած կամ ոչ պայմանաւորուած յարձակումի մեր երկրին վրայ, որպէսզի երկրէն ներս հարցերը լուծուին։ Ատիկա ամենակարեւոր ուղերձն է, որ մենք լսած ենք այս ամբողջ ժամանակաշրջանի մէջ»։
Աւելցնենք, որ Բագրատ սրբազան, այսօր, Հրազդան այցելութեան առիթով հետեւեալը ըսած է. «Մեր յաղթանակի ճանապարհը շատ ուղիղ է, բայց հասկնալի է, որ պէտք է անցնինք փշոտ ճամբաներէ։
Ես զարմացած եմ, որ իշխանական այսքան ստորին աստիճանի ու ահռելի հակաքարոզչութեան պայմաններուն մէջ, մենք ականատեսը կ՚ըլլանք պայքարի հետաքրքրական գործընթացներու զարգացման, ներդրումով այն մարդոց, որոնց չէի ալ տեսած ու չէի ակնկալեր, որ մեր պայքարին միանան»։