Yerkim. am կը հաղորդէ թէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան «Իմ ուղերձը նոր աշխարհին» վերնագիրով յօդուածին մէջ ընդգծած է, որ Թեհրան առաջնահերթութիւն կու տայ դրացիներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, Իրանի նորընտիր նախագահի ուղերձը հրապարակուած է Tehran Times-ի մէջ։
Հրապարակուած յօդուածին մէջ նախագահ Փեզեշքեան յայտնած է, որ Իրան կողմ է «ուժեղ տարածաշրջանի» ստեղծման, ոչ թէ այնպիսի տարածաշրջանի, ուր երկիր մը կը ձգտի գերիշխանութեան եւ գերակայութեան հասնիլ միւսներուն նկատմամբ։
Ան յայտնած է, որ հարեւան ու եղբայրական պետութիւնները պէտք չէ իրենց արժէքաւոր աղբիւրները վատնեն կործանարար մրցակցութեան, սպառազինութիւններու մրցավազքի եւ իրարու անհիմն զսպելու վրայ։ Փեզեշքեան ընդգծած է, որ անոր փոխարէն Իրան կը ձգտի ստեղծել պայմաններ, որոնցմով կարելի կը դառնայ հասնիլ տարածաշրջանի զարգացման ու յառաջընթացին՝ ի շահ բոլորին։
«Մենք կ’ակնկալենք համագործակցութիւն Թուրքիոյ, Սէուտական Արապիոյ, Օմանի, Իրաքի, Պահրէյնի, Քաթարի, Քուէյթի, ԱՄԷ-ի եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու հետ՝ մեր կապերը խորացնելու եւ ընդհանուր հարցերը լուծելու համար», իր յօդուածին մէջ ընդգծած՛ է նախագահը՝ աւելցնելով, որ իր վարչակազմը կոչ կ’ուղղէ հարեւան արաբական երկիրներուն համագործակցելու եւ օգտագործելու բոլոր քաղաքական եւ դիւանագիտական ​​լծակները Կազզայի հատուածին մէջ մշտական ​​հրադադարին առաջնահերթութիւն տալու համար, որպէսզի դադրի կոտորածը եւ կանխուի հակամարտութիւններու տարածումը:
Յօդուածին մէջ Իրանի նախագահը անդրադարձած է նաեւ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան եւ յայտնած է, որ Թեհրան կը փորձէ հասնիլ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան Իրան կ’աջակցի անոր ուղղուած նախաձեռնութիւններուն։
«Չինաստանն ու Ռուսիան մեզի աջակցած են դժուարին պահերուն, եւ մենք խորապէս կը գնահատենք այս բարեկամութիւնը։
Ռուսիոյ Իրանի արժէքաւոր ռազմավարական դաշնակիցն է եւ հարեւանը, եւ իմ վարչակազմը կը շարունակէ ընդլայնել եւ ամրապնդել մեր համագործակցութիւնը», գրած է Փեզեշքեան։
Խօսելով տարածաշրջանի մասին ԻԻՀ նորընտիր նախագահը նկատած է, որ տարածաշրջանը շատ երկար տառապած է պատերազմներէն, միջդաւանաբանական հակամարտութիւններէն, ահաբեկչութենէն, ծայրահեղականութենէն, թմրավաճառքէն, ջուրի պակասէն, փախստականներու ճգնաժամէն, շրջակայ միջավայրէն եւ օտարերկրեայ միջամտութենէն։
«Եկած է այդ ընդհանուր հարցերը ի բարօրութիւն ապագայ սերունդներուն լուծելու ժամանակը; Համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնորդող սկզբունքը», իր ուղերձին մէջ շեշտած է Իրանի նախագահը։