Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու Բարձրագոյն Դատական ​​Յանձնաժողովը ընտրական կեդրոններուն մէջ այսօր՝ Երկուշաբթի, 15 Յուլիսի առաւօտուն բացաւ քուէատուփերը բոլոր նահանգներու ընտրողներուն համար, որպէսզի ընտրեն չորրորդ օրէնսդրական նստաշրջանի խորհրդարանի երեսփոխաններ:

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, յանձնաժողովի ատենապետ դատաւոր Ճիհատ Մուրատ հաստատած է, որ ընտրական կեդրոնները բաց են առաւօտեան ժամը ճիշդ 7։00-էն մինչեւ նոյն օրուան երեկոյեան ժամը 7:00: Մուրատ աւելցնելով ըսած է, որ օրէնքը 64-րդ յօդուածով Ընտրութիւններու Բարձրագոյն Դատական ​​Յանձնաժողովին թոյլ կու տայ երկարաձգել ընտրութիւններու ժամկէտը առաւելագոյնը հինգ ժամով, բոլոր կամ որոշ ընտրական կեդրոններէ ներս:

Մուրատ յայտարարած է նաեւ, որ ընտրական կեդրոններու թիւն է 8151, իսկ թեկնածուներու թիւը հասած է 1516-ի, որոնք կը պայքարին խորհրդարանի 250 տեղի համար՝ դիտել տալով, որ քաղաքացիները սկսած են ընտրական կեդրոններ ժամանել քուէատուփերը բացուելէն անմիջապէս ետք:

Քուէարկութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն ու պարտականութիւնն է, եթէ ան կը համապատասխանէ 2014-ի ընդհանուր ընտրութիւններու մասին օրէնքով նախատեսուած պայմաններուն։ Ընտրելու իրաւունք ունի տասնութ տարիքը բոլորած իւրաքանչիւր քաղաքացի։