Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ յայտնելով, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը հիմնուած է նախքան 2011 տիրող իրավիճակի վերադարձին վրայ, որ գլխաւոր պայմանն է երկու երկիրներու ապահովութեան եւ կայունութեան: Նախարարութիւնը աւելցնելով ըսաւ, որ երկիրներու շահերը խարսխուած պէտք է ըլլան կայուն յարաբերութիւններու, ո՛չ թէ հակամարտութեան կամ թշնամանքի վրայ:

Նախարարութիւնը աւելցուց. «Մինչ յայտարարութիւններ կը տարածուին Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը կը յիշեցնէ, որ տեւաբար նախանձախնդիր եղած է զանազանելու մէկ կողմէն ժողովուրդներու յարաբերութիւնները, միւս կողմէն իրենք իրենց երկրին եւ Սուրիոյ վնաս հասցուցած պետութիւններու քաղաքականութիւնն ու որդեգրած քայլերը»։

Նախարարութիւնը շարունակելով ըսաւ.«Սուրիա համոզուած է, որ երկիրներու շահերը կառուցուած են անոնց միջեւ առողջ յարաբերութիւններու, ո՛չ թէ թշնամանքի վրայ, հետեւաբար Սուրիա դրականօրէն կ՚արձագանգէ բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտին դրացի երկիրներու հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւել։
Այս շրջագիծէն ներս, Սուրիա յստակօրէն կ՚ընդգծէ, որ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման նախաձեռնութիւնը տեղեկատուական դաշտին տուրք տալու չի ծառայեր, այլ քաղաքական գործընթաց մըն է, որ կը յենի փաստերու վրայ եւ կը հիմնուի երկու պետութիւններուն յարաբերութիւնները սահմանող ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն վրայ»:
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ այս հարցին վերաբերող որեւէ նախաձեռնութիւն պէտք է կառուցուի յստակ առաջնահերթութիւններու վրայ, ինչպէս օրինակ՝ սուրիական հողերէն ապօրինի, օտար ուժերուն դուրս գալուն եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին վրայ, որովհետեւ այդ խմբաւորումներուն գոյութիւնը ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ Թուրքիոյ ապահովութեան կը սպառնայ։

Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ բարեկամ երկիրներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու, շեշտելով, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնը վերականգնելու համար հարկ է վերադառնալ նախքան 2011 տիրող իրավիճակին, ինչ որ հիմքը պիտի դառնայ երկու երկիրներու ապահովութեան եւ խաղաղութեան»: