14 Յուլիսին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած արտաքին մարտահրաւէրները եւ ներքաղաքական կացութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին կարեւոր համարուեցաւ բռնի տեղահանուած արցախցիներու ընկերային հարցերուն ուղղուած ծրագիրներու շարունակականութիւնը եւ արցախահայութեան իրաւունքներու հետեւողական պաշտպանութիւնը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անհրաժեշտ նկատեցին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու առաւել զարգացումը եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդումը՝ ի շահ համազգային հարցերու յաղթահարման եւ հայրենիքի հզօրացման։