Միացեալ Նահանգներու կարծիքով Հայաստան ու Ատրպէյճան անկանխատեսելի յառաջընթաց արձանագրած եւ երկար ուղի կտրած են բանակցութիւններու մէջ, այդուհանդերձ, խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնիլը կողմերէն կը պահանջէ որոշ բարդ ընտրութիւններ եւ դժուար փոխզիջումներ կատարել։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն այս մասին լրագրողներու հետ ամէնօրեայ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր՝ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու հաւանական յառաջընթացին առնչուող հարցին։
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը շատ մեծ նշանակութիւն կ’ունենայ այդ երկիրներու եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ ապահովութեան համար: Մենք, իսկապէս, կը կարծենք, որ համաձայնութիւնը կարելի է, բայց ատիկա երկու կողմերէն կը պահանջէ կատարել որոշ բարդ ընտրութիւններ եւ դժուար փոխզիջումներ, եւ այն, ինչ մենք կը պատրաստուինք ընել՝ շարունակելն է զիրենք յառաջ մղել՝ վերջնականապէս լուծելու տարաձայնութիւններն ու հասնելու համաձայնութեան», իր խօսքին մէջ շեշտած է Միլլըր՝ չկամենալով, սակայն, յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնել Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին:
Մեթիու Միլլըր ընդգծած է, որ թէեւ տակաւին համաձայնութիւն չր գոյացած, այդուհանդերձ ԱՄՆ մտադիր չէ կանգ առնել, այնքան ատեն որ համաձայնագիր չէ ստորագրուած անոնց միջեւ։