Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ խորհրդարանական ընտրութեան իր քուէն տալէն ետք զրոյց ունեցաւ տեղւոյն լրագրողներուն հետ։
Նախ պատասխանելով խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք նախատեսուող փոփոխութիւններուն նախագահը ըսաւ, որ Սուրիա անցումային շրջան մը կ՚ապրի, արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ յարաբերութիւններու մակարդակով եւ երկրի յառաջընթացի ապահովման իմաստով։
«Այս փուլին, կրնանք յոյսեր կապել Սուրիոյ Խորհրդարանին, որովհետեւ խորհրդարանը պետութեան բարձրագոյն կառոյցն է: Խորհրդարանէն ներս փոփոխութիւնները կարեւոր են, սակայն պարզապէս դէմքերու փոփոխութիւնը յառաջընթացի ազդանշան չի համարուիր, անհրաժեշտ է խորհրդարանի ներքին կանոնակարգը փոխել, որպէսզի աշխատանքի մակարդակով կենսունակութիւն ստեղծուի եւ յառաջընթաց արձանագրուի», յայտնեց նախագահ Ասատ։
Ապա պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահին զինք հանդիպումի հրաւիրելու իր կողմնորոշումին առնչուող հարցումին, նախագահը հետեւեալը պատասխանեց. «Եթէ որեւէ հանդիպում իմ երկրին ու ժողովուրդին պիտի ծառայէ, ես պատրաստ եմ ընդառաջելու առաջարկին, սակայն հարցը հանդիպումը չէ, այլ այդ հանդիպման բովանդակութիւնը։
«Պէտք է ճշդել, թէ ի՛նչ է հանդիպումին նպատակը։ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ հանդիպման առաջարկը կարեւոր քայլ է, որպէս նպատակի իրականացման միջոց, սակայն ի՞նչ է նպատակը, հարցերու լուծո՞ւմ, յարաբերութիւններու բարելաւո՞ւմ ու նախկին մակարդակի վերադա՞րձ: Այս նպատակներուն առնչուող որեւէ անդրադարձ չլսեցինք Թուրքիոյ պետական այրերէն։ Անհրաժեշտ է քննարկել թէ 13 տարի առաջ ինչո՞ւ խզուեցան Սուրիա-Թուրքիա պատմական յարաբերութիւնները, ինչո՞ւ շեղեցան իրենց նպատակէն։
«Մենք, ինչպէս միշտ, կը յայտարարենք, որ դրականօրէն կը մօտենանք Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող որեւէ նախաձեռնութեան, որովհետեւ ոչ մէկ պետութիւն կը ցանկայ իր դրացի պետութեան հետ լարուածութիւն ունենալ, սակայն այս չի նշանակեր թէ հանդիպումին կ՚ընդառաջենք առանց կանոններու: Հանդիպումը միջոց է, իսկ միջոցը կանոններու կարիք ունի, ենթահողի կարիք ունի, ոչ թէ նախապայմաններու, որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլայ, այլապէս աւելի բացասական հետեւանք կրնայ ունենալ», ըսաւ նախագահ Ասատ։
Ապա շարունակեց. «Այստեղ կարելի է վերադառնալ հիմնական կէտին. այս յարաբերութիւնը կարելի՞ է վերականգնել առանց միջազգային իրաւունքին, առանց բացայայտօրէն խօսելու անցեալի մասին… առանց խօսելու քաղաքական սխալներու մասին, որոնք յանգեցուցին ողջ տարածաշրջանի կործանումին, հարիւր հազարաւոր զոհերու… կրնա՞նք անտեսել պետութիւններու ինքնիշխանութեան իրաւունքը, տարածքային ամբողջականութիւնը, կրնա՞նք ուղղուիլ դէպի ապագայ՝ առանց անցեալի դասերէն օգուտ քաղելու եւ հիմքեր հաստատելու, որպէսզի գալիք սերունդները չ՚իյնան նոյնանման թակարդներու մէջ»: