Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի ծառայէ բոլոր կողմերու շահերուն: Այս մասին ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովէն վերադառնալու ընթացքին օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան:
Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, Թուրքիոյ ղեկավարը, անդրադառնալով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, նշած է, որ ատոր «բացումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման վերջին քայլն է»:
Բացի ատկէ, Էրտողան չէ բացառած նաեւ Հայաստանի հետ սահմանի բացման հաւանականութիւնը:
«Ինչո՞ւ չդիտարկենք (սահմանի բացման) հարցը: Նախապէս մենք այս մասին արդէն ամէն ինչ ըսած ենք Փաշինեանին: Այժմ ամէն ինչ պէտք է ընենք խաղաղութեան համար:
«Յոյսով ենք՝ շուտով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարատեւ խաղաղութիւն կը հաստատուի: «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը այս համաձայնագիրի վերջնական քայլն է, ինչին Թուրքիան սրտանց կ’աջակցի:
«Մենք կ’ուզենք, որ այս ճամբուն վրայ առանց յապաղելու դրական որոշումներ տրուին: Այժմ շրջանէն դրական ազդանշաններ կու գան, եւ մենք յոյսով ենք, որ անոնք ի վերջոյ լաւ նորութիւններ կը բերեն», ըսած է Էրտողան: