Օքսֆորտշիրի մէջ գտնուող Պլենհեյմ պալատ ժամանելու ընթացքին, լրագրողները երբ երէկ հարց տուած են, թէ ինչպէ՞ս կ’ընթանան խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները, Հայաստանի վարչապետը չէ պատասխանած, Ատրպէյճանի նախագահն ալ բութ մատը վերեւ պարզած է։

Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը փոխանցած է, որ ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ գագաթնաժողովի շրջանակներուն մէջ տեղի կ’ունենայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հանդիպում։

Ո՛չ պաշտօնական Երեւանը, ո՛չ պաշտօնական Ատրպէյճանը տակաւին հաստատած են տեղեկութիւնը։

Ժամեր անց, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնած է, որ հայկական կողմը առաջարկած է Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ երկկողմ հանդիպում կազմակերպել Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջագիծէն ներս, սակայն ատրպէյճանական կողմը մերժած է առաջարկը։ Հայկական կողմին առաջարկը գործադրութեան մէջ մնացած է:
Հայկական կողմը նաեւ վերահաստատած է իր առաջարկը` աշխուժացնել բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակով բանակցութիւնները եւ մէկ ամսուան ընթացքին հասնիլ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումին։
Յիշեցնենք, որ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարած էր, որ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելէ Լոնտոնի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի շրջագիծին մէջ։