Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի՝ պրովէի պետական քննութիւններուն արդիւնքները։

Սուրիոյ կրթութեան նախարար դոկտ. Մուհամմէտ Ամէր Մարտինի լրագրողներուն յայտնեց, որ քննութիւններուն ներկայացան 299. 690 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնցմէ յաջողեցաւ 198. 003-ը՝ 66,07% տոկոսով, իսկ նախորդ տարուան յաջողութեան տոկոսը 77,11%-էր։

Նախարար Մարտինի տեղեկացուց, որ բարձրագոյն նիշ ապահոված են 45 աշակերտ-աշակերտուհիներ, 2-ը Դամասկոսէն, 10-ն Դամասկոսի արուարձանէն, 2-ը Տարաայէն, 4-ը Սուէյտայէն, 3-ը Հոմսէն, 4-ը Համայէն, 2-ը Հալէպէն, 5-ը Լաթաքիայէն, 12-ը Թարթուսէն եւ 1-ը Հասիչէէն։

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ բարձրագոյն գնահատանիշ ապահոված աշակերտներուն 35-ը քննութիւններուն ներկայացած էր պետական դպրոցներէ, իսկ 10-ն՝ մասնաւոր հատուածի։