2011-ի Սուրիոյ տագնապի սկիզբէն զանազան երկիրներ եւ անոնց ենթակայ տարածաշրջանային լծակներ  միակողմանի պարտադիր պատժական միջոցներ (UCM) կիրարկեցին Սուրիոյ դէմ։ Այս պատժամիջոցներուն կը նախորդէին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Դեկտեմբեր 1979-ին սահմանուած շարք մը պատժամիջոցներ եւս:

2011-ի պատժամիջոցները կը գլխաւորէին Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, որուն կը յաջորդէին Արաբական Լիկան, Թուրքիան եւ այլ համախոհ երկիրներ, ինչպէս՝ Աւստրալիա, Քանատա, Ճափոն եւ Զուիցերիա։ Այս պատժամիջոցառումները բնութագրուեցան որպէս «նորագոյն պատմութեան ամենախիստ եւ ամենաբարդ պատժամիջոցները»։
Նման պատժամիջոցներ իրենց կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ անդրադարձը ունեցան Սուրիոյ քաղաքացիին վրայ։ Եթէ առաջին պարագային կենսամակարդակի նուազումն ու առողջապահական կարիքներու ապահովման, առեւտուրի եւ տարբեր աշխատանքային ոլորտներու մէջ պատժամիջոցներուն քաղաքացիին վրայ ունեցած բացասական ազդեցութիւնն էր, երկրորդ պարագային անոր աշխատանքի որակի, գնողական ուժի եւ դրամագլուխի խիստ սահմանափակումն էր, ինչ որ կ’ազդուէր նաեւ  երկրի տնտեսութեան թաւալգլոր անկումէն։
Այս պատժամիջոցները ազդեցին նաեւ երկրի առողջապահութեան, կրթութեան, պարենային ապահովութեան, գիւղատնտեսութեան, մշակութային ժառանգութեան  վայրերու պահպանման եւ մարդասիրական օգնութիւններու հասանելիութեան վրայ:
Վերջերս նկատելի են Սուրիա-Արաբական երկիրներ յարաբերութիւններու բարելաւումն ու ՄԱԿ-ի զգալի ճիգերը՝ պատժամիջոցներու աստիճանական վերացման եւ Սուրիոյ քաղաքացիին վրայ անոնց բանեցուցած ազդեցութեան նուազեցման իմաստով։
Այս նպատակով է, որ արաբական երկիրներու հետ գործակցութեան հետեւանքով սկզբնականօրէն կը նկատենք առողջապահական ոլորտի մարզին առնչուող օժանդակութիւններ, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու միջեւ ցամաքային եւ օդային ճանապարհներու ապաշրջափակում, յատկապէս Սէուտական Արաբիա-Սուրիա, Յորդանան-Սուրիա ցամաքային եւ օդային ճանապարհներու, որոնց բանեցումով տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտին առնչուող բարեփոխումներ կարելի է յուսալ։
Այս նիւթին շուրջ ՄԱԿ-ի Արեւմտեան Ասիոյ Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովը օրեր առաջ  զեկոյց մը հրապարակեց, ուր մանրամասնօրէն լուսարձակի տակ առաւ պատժամիջոցներուն ազդեցութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ։
Նման պատժամիջոցներ, ոչ միայն կը խախտեն միջազգային օրէնքն ու մարդու իրաւունքները, այլեւ կը համարուին ժողովուրդները անխղճօրէն պատժելու, բնականոն կեանքի տարրական իրաւունքներէն զրկելու յանցագործութիւն։ Այս հաստատումը ըրաւ նաեւ զեկոյցը ներկայացնողը, ՄԱԿ-ի տուեալ հարցի ներկայացուցիչ Էլէնա Տուհանը՝ Սուրիա իր նախորդ տարուան այցելութենէն ետք։
Ուստի Սուրիոյ յետպատերազմեան շրջանին, այնպէս ինչպէս կարեւոր են ՄԱԿ-ի ջանքերը ժողովուրդին դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու մեղմացման գծով, նոյնքան ալ կարեւոր են այդ պատժամիջոցներու հետեւանքներու վերացումը յատկապէս արաբական երկիրներու եւ Թուրքիոյ կողմէ, որպէսզի այս բոլորը իսկապէս ծառայեն յարաբերութիւններու կարգաւորման առարկայական եւ արդիւնաւէտ հիմքի եւ դուրս գան զուտ դիւանագիտական բարեկարգումներ ըլլալէ։
Տակաւին նոյնքան կարեւոր է օտար ուժերուն սուրիական հողերէն դուրս գալը, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ իր վերահսկողութեան տակ առնել նաեւ երկրի հիւսիսային շրջանները, ուր կը գտնուին երկրի քարիւղի հանքերն ու, ինչպէս սուրիացիները կ’որակեն, երկրի հիմնական սննդակողովը, այսինքն ցորենի, բամպակի, ձիթապտուղի բերրի արտերը։
Եթէ պատերազմներ արիւնաքամ կը դարձնեն երկիրներ ու պետութիւններ, պատժամիջոցները առաւելաբար կ’ազդեն ժողովուրդին վրայ, յստակ նպատակով մը՝ ժողովուրդը պետութեան դէմ հանելու։ Իրականութեան մէջ Սուրիոյ ժողովուրդը առաւելաբար իր հողին տէր կանգնելու մարտահրաւէրով առաջնորդուեցաւ, տուժեց ու տառապեցաւ, հետեւաբար պատժամիջոցները, այս բոլորէն ետք, դարձան ոչ միայն ժողովուրդը պատժելու անպտուղ միջոցներ, այլեւ՝ յանցագործութեան համազօր արարքներ։