Սուրիոյ խորհրդարանի Նորընտիր երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսարան եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի եւ ՀՀ մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեանի հետ:

Սուրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան անձնակազմին անունով ՀՀ հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան շնորհաւորեց մեթր Գաբրիէլեանը Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուելուն առիթով։

ՀՀ մարդասիրական խումբի պատասխանատուն իր կարգին շնորհաւորեց երեսփոխանը եւ բարի երթ մաղթեց անոր աշխատանքներուն:

Հանդիպումին զրոյց ընթացաւ Հայաստան-Սուրիա խորհրդարանական յարաբերութիւններու աշխուժացման մասին։
Ներկաները անդրադարձան ՀՀ մարդասիրական խումբի նուիրական աշխատանքին եւ պետական թէ հասարակական շրջանակներու մէջ վաստկած բարի համբաւին:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հանդիպումին մասնակիցները խօսեցան երկրի ընդհանուր իրավիճակին եւ հայ համայնքը հետաքրքրող ընկերային համընդհանուր նիւթերու շուրջ:

Պրն.հիւպատոսը յոյս յայտնեց, որ երեսփոխանը ճիգ չի խնայեր երկու երկիրներու խորհրդարանական յարաբերութիւններու առաւել աշխուժացման առնչութեամբ։