ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Պրիւքսէլի մէջ գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպումներ ունեցած է Պելճիքայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էլս Վան Հոֆի, Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եանեք Փոլէյի եւ Պելճիքայի ֆրանսախօս մեծագոյն կուսակցութեան՝ «Էմ. Ար.»-ի խմբակցութեան ղեկավար Կայթան վան Կոյծնհովենի հետ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարած են՝
– արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման հրամայականին,
– Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումներ բանեցնելու անհրաժեշտութեան եւ հայ ռազմագերիներու ու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման խնդիրին,
– Արցախի մէջ Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումներու փաստերուն, ատրպէյճանական շարունակուող յարձակողապաշտութեան եւ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի ու ուժի կիրարկման սպառնալիքի դրսեւորման շարունակական վարքագիծին,
– Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ29 համաժողովի ընթացքին միջազգային հանրութեան առարկայական կեցուածքի դրսեւորման կարեւորութեան,
– հայաստանեան ներքաղաքական իրավիճակին առնչուող հարցերուն եւ ընդդիմադիր գործիչներու քաղաքական հետապնդումներու կրկնուող դէպքերուն:
Եանեք Փոլէյի հետ հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարբեր ոլորտներու մէջ Եւրոպայի Ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի գործակցութեան սերտացման, միջկուսակցական յարաբերութիւններու զարգացման, Հայաստանի մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական արժէքային համակարգի յառաջ մղման վերաբերեալ: