Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս անդրադարձած է Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածի բռնագրաւման 50-րդ տարելիցին:
Միցոթաքիս ընդգծած է, որ իրենց փափաքն է Կիպրոսի խնդիրին տալ այնպիսի լուծում, որը կ’ենթադրէ Թուրքիոյ երաշխաւորութեան բացակայութիւն եւ թրքական զինուորականութեան դուրսբերում:
«Կիպրոսի հիւսիսը տակաւին կը մնայ բռնագրաւման տակ: Մենք չենք ընդունիր տեղի ունեցածը: Կիպրոսի մէջ ոչ թէ երկու, այլ մէկ պետութիւն պիտի ըլլայ», ըսած է Միցոթաքիս:
Նման խօսքերէն ետք, թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ Միցոթաքիսը բնութագրուած է որպէս «խելագար եւ հաւասարկշռութիւնը կորսնցուցած անձնաւորութիւն»: