«Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձնառու է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին համար ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները կատարելու եւ Անգարայէն նոյնը կ’ակնկալէ»: Այս մասին Sputnik Արմենիա լրատուամիջոցի գրաւոր հարցումին ի պատասխան յայտնած են Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն։
ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն պարզաբանած են, որ Երեւան Անգարայէն նոյն յանձնառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը կ’ակնկալէ նաեւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձնագիրեր ունեցող անձերու համար հայ-թրքական ցամաքային սահմանի բացման հարցով։
Ինչ վերաբերում է Հայաստանի և Թուրքիայի միջև հարաբերությունների կարգավորման գործընթացի հարցով հատուկ ներկայացուցիչների հանդիպմանը, ապա ԱԳՆ-ում նշել են, որ հստակ պայմանավորվածության առկայության պարագայում հանրությունը կիրազեկվի պատշաճ ժամկետում։.
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին հարցով յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումին, Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն յայտնած են, որ յստակ համաձայնութեան առկայութեան պարագային հանրութիւնը կ’իրազեկուի պատեհ առիթով։
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 2021-ին Երեւանն ու Անգարան յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու համար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակած են։
Յուլիս 2022-ին Վիեննայի մէջ համաձայնութիւն գոյացած է Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու կողմէն հայ-թրքական ցամաքային սահմանը հատելու կարելիութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ բեռներու ուղիղ օդային փոխադրումներ իրականացնելու եւ անոր համար անհրաժեշտ գործընթացներ սկսելու մասին։