Հայաստանի Հանրապետութեան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մեհտի Սոպհանի հերքած է Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ զէնքի գաղտնի գործարքի մասին լուրերը։
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցումով, այս տեղեկութիւնը յայտնած է իրանական Mehr գործակալութիւնը՝ փոխանցելով դեսպան Սոպհանիի խօսքերը։
Ան ընդգծած է, որ լուրը տարածուած է անվստահելի լրատուամիջոցներու կողմէ, որոնք նախապէս կեղծ տեղեկութիւններ եւ չարամիտ վերլուծութիւններ տարածած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մասին:
Դեսպան Մեհտի Սոպհանիի գնահատումին համաձայն, նման հրապարակումներու նպատակն է ազդել Իրանի եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։
Ան նաեւ յայտնած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ’աջակցի կովկասեան տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ու տնտեսական զարգացման։