13 Յուլիս 2024-ին Երեւանի մէջ ընթացք առած Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ուսանողական հաւաքը (ֆորում) աշխուժ կերպով շարունակեց իր աշխատանքը:
Արդարեւ, Հինգշաբթի, 18 Յուլիսին հաւաքի մասնակիցներուն օրը սկսաւ Երեւանի պետական համալսարան այցելութեամբ, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի: Համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Արման Եղիազարեան մասնակիցներուն ծանօթացուց պետական համալսարանի բաժանմունքներն ու ընդհանրապէս համալսարանը: Ապա անոնք այցելեցին Կոմիտասի թանգարան եւ պանթէոն, ծանօթացան Կոմիտասի կեանքին, գործունէութեան, անոր թողած մշակութային ժառանգութեան եւ թանգարանին մէջ պահպանուած անձնական իրերուն: Ապա անոնք ուղղուեցան Սասունցի Դաւիթի արձանին մօտ, որուն մասին տեղեկութիւններ ստացան:
Կէսօրէ ետք հաւաքի մասնակիցները ջերմ հանդիպում ունեցան «Ակունք» ազգագրական համոյթի անդամներուն հետ, իսկ խումբի ղեկավար Արթուր Շահնազարեան անդրադարձաւ իրենց գործունէութեան, ազգային երգերու եւ մշակոյթի պահպանման ու տարածման անհրաժեշտութեան:
Ուրբաթ, 19 Յուլիսին հաւաքի մասնակիցները իրենց օրուան առաջին բաժինը անցուցին բնութեան գիրկը` Ծաղկաձորի մէջ, ուր վայելեցին ճոպանուղին, շրջանի բնութեան գեղեցկութիւնը: Ապա, նախորդ տարիներու աւանդութիւնը շարունակելով, այս տարի եւս Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ծաղկաձորի Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր հիւրընկալուեցան ճամբարի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցան կիսօրեայ ճոխ ու ջերմ յայտագիր մը, միասին ճաշեցին, ընկերային պահեր ապրեցան, երգեցին, պարեցին ու խաղացին:
Կէսօրին մասնակիցները վերադարձան Երեւան, ուր անոնք տեղեկութիւններ ստացան «Ուիքիփետիա»-ի հայերէն բաժինի գործունէութեան, զայն հարստացնելու ձեւերուն մասին` Ազնիւ Ստեփանեանի եւ Շահէն Արապօղլեանի կողմէ:
Շաբաթ, 20 Յուլիսին մասնակիցները այցելեցին Խոր Վիրապ, մօտէն հաղորդուեցան Հայ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դրուագներէն մէկուն վայրին, անկէ ետք անոնք ունեցան ազատ ժամ, այցելեցին Վերնիսաժ: Երեկոյեան մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Սoս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնի «Հրաշագործը» ներկայացումին:
Կիրակի, 21 Յուլիսին ուսանողական հաւաքին մասնակիցները այցելեցին Արագած եւ Ամբերդ, անոնց ընկերակցեցաւ Ցօղիկ Աշըգեան, որ մանրամասն եւ համապարփակ տեղեկութիւններ տուաւ հայկական ճարտարապետութեան մասին, յատկապէս` խօսելով բերդին իւրայատկութեան մասին:
Երկուշաբթի, 22 Յուլիսին մասնակիցները այցելեցին Օշական, ուր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը անոնց ներկայացուց գիրերու գիւտը, Մեսրոպ Մաշտոցի աւանդը եւ զայն պահպանելու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ: Ապա անոնք ուղղուեցան Կիւմրի, ուր անոնց առաջին հանդիպումը եղաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած մանուկներուն հետ. Շուշիի «Ծիլ» թատերական միաւորն ու արցախցի փոքրիկները սփիւռքահայ երիտասարդներուն մատուցեցին Արցախի բարբառով ներկայացում: Ապա անոնք այցելեցին Կումայրի թանգարան, ուր ծանօթացան քաղաքին պատմութեան:
Երեքշաբթի, 23 Յուլիսին մասնակիցները այցելեցին Կիւմրի քաղաքի զանազան թանգարաններ, ծանօթացան Յովհաննէս Շիրազի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Մհեր Մկրտչեանի կեանքին ու գործունէութեան: