Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանի 99-րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը յաջողութեամբ գումարուեցաւ 19-21 Յուլիս 2024-ին, Պըրպէնքի Հայ Կեդրոնէն ներս, հիւրընկալութեամբ շրջանիս «Արազ» Մասնաճիւղին, 75 E Santa Anita, Burbank, CA 91502։
Ժողովին բացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ հրաւիրեց ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի նահատակներու յիշատակը։
Հոգեշնորհ Տէր Զարեհ Վարդապետ Սարգիսեան արտասանեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի ուղերձը այս ժողովին առիթով։ Ժողովիս ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան, գանձապահ Անի Քէշիշեան, խորհրդական եւ շրջանիս կապը՝ Ժարմէն Միրզախանեան։
Միրզախանեան ընթերցեց Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան առաջին տարուան տեղեկագիրը, պաստառի վրայ երեւցող ծրագիրները մէկ առ մէկ բացատրեց եւ դրուատեց ՀՕՄ-ի անդամներու նուիրումը ծրագիրներու իրականացման մէջ։
Շրջապատուած շուրջ 120 գաղափարակից հայուհիներով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեան բարձրօրէն գնահատեց ՀՕՄ-ի ազգանուէր աշխատանքը։
Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Վիքի Մարաշլեան՝ շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնելով իր գործընկերներուն, մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն, որոնք անձնուիրաբար աշխատեցան անցած տարեշրջանին ընթացքին..
Նիւթը ամբողջությամբ կարդացէք ՀՅԴ պաշտօնական կայքին մէջ: