Լիբանանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Երեքշաբթի, 30 Յուլիս 2024-ին իսրայէլ հրթիռակոծեց Պէյրութի հարաւային աւանին մէջ բնակարանային շրջան մը։
Լիբանանեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Իսրայէլ հարաւային աւանի «Հարէթ Հրէյք» շրջանին մէջ բնակարանային շրջան մը հրթիռակոծեց, որուն հետեւանքով շրջանին մէջ գտնուող բնակելի շէնք մը փլուզուեցաւ։
Հրթիռակոծման հետեւանքով քաղաքայիններ վիրաւորուեցան։ Հրթիռակոծումէն ետք շտապ օգնութեան եւ հրշէջներու փոխադրակառքերը անմիջապէս ժամանեցին «Հարէթ Հրէյք» շրջան։
Ըստ «Մայատին»-ի, վնասուած քաղաքայիններու թիւը հասած է 60-ի։