«Are we paying for Vietnam by seeing our children become monsters.»
Այսպէս կը գրէր ամերիկացի գրագիտուհի Մէյ Սարթոն (May Sarton), տակաւին 1977 թուականին, ակնարկելով Ամերիկայի մէջ տիրող յոռի բարքերուն եւ անհեթեթ սպանութիւններուն:
Այսօր Ողիմպիական խաղերուն բացումն է Փարիզի մէջ, ամէնէն ծայրայեղ, երեւակայութեան սահմանները հատող արարողութեամբ մը, այնքան ծայրայեղ, որքան Պաղեստինի մէջ շարունակուող սպանդը, որուն անխիպօրէն պատերազմ անունը կու տան. պատերազմը երկու հաւասար զօրքերու բախումը չէ՞. իսկ այստեղ ամբողջ ժողովուրդ մը կը խողխողուի վայրկեանէ վայրկեան, ամէնէն դիւրին միջոցներով՝ հրթիռներով, ռումբերով, առանց խնայելու մարդիկ կամ անհրաժեշտ կառոյցներ՝ հիւանդանոցներ, շտապ օգնութեան միջոցներ եւ այլն:
Ամերիկացիներուն համար նոր ժամանակներու «անասնացումը» կը սկսի Վիեթնամի պատերազմով, իսկ մեզի համար՝ շա՜տ աւելի կանուխ, 19-րդ դարուն, Ատանայի ջարդերով:
Մարդ արարածը ե՞րբ վերադարձաւ իր անասնական կիրքերուն, սպանելու բնազդին, մոռցաւ իր մարդկութիւնը, որուն համար դարեր ծախսուեր էին եւ անչափելի ճիգ:
Կամ ալ՝ մարդ արարածը իր բնազդներէն վեր չէր ելած, եղածը բարակ ջնարակ մըն էր միայն, որ այսօր արդէն գոյները թափած է … եւ կը շարունակուի Աբել-Կայէնի պատմութիւնը, առանց վերջաբանի, առանց վերջ մը ունենալու յոյսի:
Երբ Լիամ Նիսըն դերասանը, որպէս ԻւՆԻՍԵՖ-ի դեսպան կը սկսի համակարգիչիս պաստառէն խօսիլ նիւթական օգնութեան անհրաժեշտութեան մասին, չեմ կրնար կասկածի տակ չառնել իր խօսքը, մանաւանդ իր արտայայտութիւնը այդ խօսքին ընթացքին, որ շատ աւելի որպէս դերասանութիւն կը տպաւորէ զիս, քան՝ սրտաբուխ խօսք:
Իրապէ՞ս կը հաւատայ ինքն իր կոչին:
Աւելի արդիւնաւէտ չէ՞ արդեօք կոչ ուղղել դադրեցնելու պատերազմները, քան՝ «ազնուօրէն» օգնութիւն մուրալ:
Այսօր կը դիտեմ Փարիզի Ողիմպիականին բացումը, բայց պաստառս երկուքի բաժնուած պիտի ըլլայ՝ բացումի շքեղ տեսարաններու հետ պիտի տողանցեն Արցախի բռնահանուած ժողովուրդն ու Պաղեստինի սպանուող քաղաքացիները. երկու ժողովուրդներուն ալ պայքարը հայրենիքի հողին համար է:
Բայց ինչի՞ համար է իսրայելացի-ազերի-թուրքին պայքարը:
Կողոպուտի համար անշուշտ:
Եւ ինչպէս որ Վիեթնամի արձագանգը արդէն վաղուց կը լսուի Ամերիկայի դպրոցներուն բազմաթիւ սպանութիւններուն մէջ, այդպէս ալ բորենի երկիրներուն համար իրենց արարքներուն արձագանգը պիտի լսուի իրե՛նց իսկ ապագայի սերունդներուն մէջ: Զօրաւոր քացախը կարասը կը ճաթեցնէ, կ’ըսէ ժողովրդական առածը:
Մարդկութիւնը կարծես երկու խմբաւորումներու բաժնուեր է՝ տառապողներ եւ անտարբերներ. երկուքն ալ ծնունդն են աւելի վեր կեցած ղեկավարներու փոքրաթիւ խումբի մը: Առաջինները շատ աւելի են, քան երկրորդ խումբին պատկանողները:
Արդեօ՞ք շատ պարզունակ են մտածումներս, արդեօ՞ք այս ամբողջը անհրաժեշտ է մարդկային յառաջդիմութեան համար: Բայց ինչպէ՞ս ժխտական արարք մը կամ արարքներ կրնան դրական շարժիչներ ունենալ, կամ դրական արդիւնքներու հասնիլ …
Փարիզի Ողիմպիականին բացումը բաւական մելան հոսեցուց ինչպէս օտարներուն, նոյնպէս եւ հայերուն քով: Շատ շատեր անդրադարձան երեւոյթներու, որոնց մենք՝ սովորական դիտողներս, այդքան իրարանցումին եւ այդքան երկա՜ր հանդիսութեան ընթացքին ուշադրութիւն չէինք դարձուցած:
Մեծ ուշադրութեան եւ ժխտական մտորումներու արժանացաւ Վերջին Ընթրիքին ծաղրանկար-կենդանի պատկերը:
Այլ պատկեր մը՝ Ֆրանսայի գլխատուած թագուհին՝ Մարի Անթուանէթը ներկայացնող տեսարանն էր՝ թագուհիին կերպարը, գլխատուած գլուխը ձեռքին: Մարդիկ գայթակղած էին խորապէս …
Նոյն միջոցին, թերեւս ալ նոյն ժամերուն, հեռատեսիլէն ցոյց կու տային Կազզայի սպանուած փոքրիկներուն թաղումը, գլխատուած գլուխներ առանձին, որոնք կը տեղաւորուէին մարմինները ամփոփող պատանքներուն մէջ: Ահաւոր բան էր դիտել այդ փոքրիկ, անմեղ ու անմարմին գլուխները …
Բայց ո՛չ մէկ խօսք լսուեցաւ այդ մասին. կարծէք Փարիզի Ողիմպիականին բացումը նպատակադրած էր ձեւով մը խլացնել Կազզայէն, Պաղեստինէն լսուող օգնութեան ճիչերը:
Իր կարճ բայց շատ դիպուկ վերլուծումին մէջ Ներսէս Սարգիսեան Դիմատետրի իր էջին կը գրէ, եւ նկարագրելէ ետք այդ հանդիսութեան խիստ տպաւորիչ բաժինները, կ’ըսէ.
«Անցեալին Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնները կը հաղորդէին մրցակցային, զուարճալի, մշակութային բովանդակութեամբ, բաժանարար սահմանները շրջանցել փորձող, մարդկութիւնը միաւորուած տեսնելու ձգտող, աշխարհին բարութիւն, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն ցանկացող պատգամներ, անոնք կը շեշտաւորէին մարդկային համընդհանուր արժէքներ, նաեւ հիւրընկալող երկիրը կը խրախուսէին մարքէթինկի իմաստով։
Փարիզի միջոցառումը սակայն այդպէս չէր։
Ան փիլիսոփայական, միսիոնարական աշխատանք մըն էր։
Ան դաւանանքի մը աղօթքն էր, Նէոլիպերալիզմի քաղաքականութեան մշակութային հատուածին մէջ (կրօնական) նոր արտադրանք մըն էր, մարմնի պաշտամունքի ու ցանկութիւններու խթանմամբ, որպէս մարդկային գոյութեան նպատակ։
Այնտեղ չէին պակսեր դաւանական յարձակումները, յատկապէս քրիստոնէութեան դէմ։
Քրիստոսի եւ աշակերտներուն Da Vinci-ի «Վերջին Ընթրիք»-ի պատկերը փոխարինելով այլասերած պատկերով մը, այլասերած պատգամ մը կը փոխանցուի, որ կ’աւետէ «հաճոյքներու ու հեշտանքի աստուծոյ յաղթանակը, ցաւի աստուծոյ դէմ»։
Փարիզի միջոցառումը նէոլիպերալ հաւատքով, շահարկման վիճակ մը կը փորձէ ստեղծել կրօններու եւ ազգերու հաշուոյն։ Այս պատճառով կարելի չէ այս գլուխ-գործոցը հին գնահատականներով նկարագրել։
Այստեղ աշխարհի ու կեանքի երազային, ռոմանթիկ, բարիին եւ խաղաղութեան նայելու պատգամ չկայ, կայ լոկ մարդկութեան պարզած նողկալի իրականութիւնը։ Գոյներու հիասթափեցնող տեսարաններու ընդմէջէն կայ երկրային գոռոզութիւն մը, փոխաբերաբար՝ յունական հին խաղերու փիլիսոփայութենէն կայ նոր կրօնի մը ձեւաւորման մասին յայտարարութիւն մը։
Միջոցառումը նաեւ քաղաքական եւ բարոյական ճգնաժամի մը անդրադարձն է, երբ բացակայ է հսկայ բեւեռ երկիր մը ու ներկայ են ցեղասպան երկիրներ։
Կարծէք Արեւմուտքը ըսել կ’ուզէ՝ «ահաւասիկ մեր նաւերը, ուր կրնան բարձրանալ անոնք, որոնք կ’ընդունին մեր նոր աստուածները, թէկուզ որպէս ոճրագործներ, եւ պիտի անտեսուին, լուսանցքացուին եւ ոչնչացուին անոնք, որոնք կը մերժեն մեր հաւատամքը. անոնց համար մեր նաւերուն վրայ տեղ չկայ»։
Որքան կը մեծնամ, այնքան կը պակսի դիմադրականութիւնս չարին դիմաց, կամ կեանքին, ինչպէս շատ շատեր կ’ուզեն ըսել՝ «Ա՛յս է կեանքը, պէ՛տք է յարմարիլ անոր»:
Բայց յարմարիլ ժխտական երեւոյթներո՞ւն, ընդունի՞լ զանոնք:
Աշխարհ ամբողջ դիտեց Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն բացումը, առանց անդրադառնալու հոնկէ մարդոց միտքերուն սրսկուող խեղ եւ թաքուն գաղափարներուն: Քանի՞ն պիտի անդրադառնայ ասոր, եւ քանի՞ հոգի պիտի կարենայ յստակօրէն բանաձեւել այդ հանդիսութենէն սփռուող գաղափարները, անոնց ժխտականութիւնը:
Մեր մխիթարանքը այն է, որ Սփիւռքի տարածքին, փառք Տիրոջ, ունինք տրամաբանող, հասուն, խորագէտ եւ խորատես մարդիկ, որոնք կրնան նման հանդիսութիւններու թաքուն ծալքերը բանալ:
Մեզի կը մնայ մեր ուղին ճշդել:
Մարուշ Երամեան