Արցախի մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ատրպէյճանական վանտալիզմի, ոչնչացման կամ իւրացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի։ Իրենց այս «գործունէութեան» մէջ ատրպէյճանցիները միջազգային գործընկերներ գտած են եւ, ցաւալիօրէն, անոնց ձեռքերը հասած են Վատիկան։ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան գրած է.
«Վատիկանի մէջ լոյս տեսնող L’Osservatore Romano պարբերականին մէջ, Ռոսսելա Ֆապիանիի ստորագրութեամբ օրերս լոյս տեսած է «Քրիստոնէութեան ակունքները Ատրպէյճանի մէջ. ալպանական առաքելական եկեղեցւոյ հետքերով» բովանդակութեամբ  յօդուած մը, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ «Կովկասեան Ալպանիա»՝ իրականութեան մէջ Արցախ կատարած իր, այսպէս կոչուած, ուսումնասիրական-ճանաչողական այցը։
«Յղում ընելով տեղացի  գիտաշխատողին, յօդուածագիրը տարածած-ամրագրած է տարածաշրջանի մէջ հայերու եկուորութեան վարկածը՝ արձանագրելով, որ մենք ատրպէյճանական հողեր եկած ենք Իրանէն եւ Թուրքիայէն։ Մէկ այլ հաստատման համաձայն ուտիները բռնի դաւանափոխ  եղած են եւ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ դարձած են տեղւոյն հայերուն կողմէն։
«Ատրպէյճան կատարած այցելութեան ընթացքին Ռ. Ֆապիանիին ուղեկցած է Ախունտովի աշակերտ, ալպանական մշակոյթի «գիտակ» Ս. Հաճիեւան։ Եւ, բնականաբար, հեղինակը անվերապահօրէն եզրայանգած է, որ 13-րդ դարու վանական համալիրներ՝ Դադիվանքը /յօդուածին մէջ Խուտավենք  գործածուած է/ եւ Գանձասարը/ յօդուածին մէջ՝ Կենճասար/ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող ալպանական մշակոյթի եւ ալպանական եկեղեցւոյ խոշորագոյն դրսեւորումներ են։
«Ինչպէս կը տեսնէք, Արցախի հայկական հետքի վերացման ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը նոր որակներ եւ դրսեւորումներ կը ստանայ։ Ցաւալի է, բայց իրողութիւն է այն, որ Ատրպէյճան յաջողած  է իր մշակութային զտումի/մշակութային ցեղասպանութեան/ ակամայ մասնակից դարձնել ոչ աւելի ոչ պակաս՝ Վատիկանը։ Ի դէպ վերոյիշեալ յօդուածին մէջ Դադիվանքը կը ներկայացուի որպէս ալպանական Վատիկան…»։