Անգամ մը եւս պատիւ ունեցայ ընկերներուս հետ բեմ բարձրանալու եւ միասին ներկայացնելու նոր թատրերգութիւն մը՝ «Օսգար»-ը: Աւելի քան երեք ամիս ամէնօրեայ եւ յոգնեցուցիչ աշխատանքէ ետք յաջողեցանք բեմ բարձրանալ ու այս անգամ հանդիսատեսին հրամցնել այլ կատակերգութիւն մը:
Անշուշտ մեր յաջողութիւնը կը պարտինք շատ սիրելի շէֆին՝ բեմադրիչ ու թատերագիր Վաչէ Ատրունիին, որ ճիգ չխնայեց մեր նաւը ապահով նաւահանգիստ հասցնելու: Բեմադրիչին բծախնդիր աշխատանքը եւ ամէնէն փոքր մանրամասնութիւններուն հետեւիլը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր դերակատարի հետ հօր խնամքով ու հոգատարութեամբ վարուիլը թատերական արուեստի խորունկ աշխարհին հաղորդակից դարձուց մեզ: Երբ մեր թափը կը սկսէր նուազիլ, ի՛նք մեզի ուժ կու տար եւ կը վերստեղծէր խանդավառ աշխատանքի մթնոլորտ:
Թատերական ներկայացումը հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է, բոլորս ներդաշնակ խաղարկութեամբ, մէկս
միւսին դերն ու թափած ճիգը հասկնալով պատրաստուեցանք ելոյթին, ուստի խորին շնորհակալութիւնս բեմի սիրելի ընկեր-ընկերուհիներուս: Անոնք փորձի առաջին օրերէն, մանաւանդ ելոյթի օրերուն, իրենց հմուտ խաղարկութեամբ, ստիպեցին բարձրացնելու դերակատարութեանս որակը, ըլլալու անկեղծ ու ճկուն՝ հասնելու համար ընկերներուս թափին եւ որակին:
Այս անգամուան դերս՝ Միշէլ Մարթինի, շատ հետաքրքրական ու նոր էր ինծի համար: Ֆրանսացի այս պաշտօնեան խորամանկ էր, բայց նիւթապէս բարւոք չէր այնքան որքան իր գործատէրը՝ պարոն Պարինէն, որուն դերը կատարեց իմ շատ սիրելի եւ տաղանդաւոր ընկերը՝ Շանթ Ուրիշիկեանը: Գրեթէ անկարելի էր հասնիլ Շանթին խաղարկութեան որակին, քանի որ ան իր ուսերուն բեռցուցած էր խաղարկութեան հիմնական կշիռքը եւ ոչ միայն արդարացուց զայն, այլեւ գերազանցեց ինքզինք:
Միշէլ Մարթինի նոր անկիւններ բացաւ դերասանական իմ փորձառութեան մէջ եւ ստիպեց խաղարկութեան մակարդակս նոր փուլի հասցնել։ Այս յաջողութիւնը կը պարտիմ ընկերներուս եւ անշուշտ պատկառելի վաստակ ունեցող բեմադրիչիս՝ Վաչէ Ատրունիին, ինչպէս նաեւ անոր տիկնոջ՝ Լանայի հոգատարութեան:
Պէտք է խոստովանիմ, որ այս աշխատանքս չէի կրնար յաջողցնել առանց ընտանիքիս անսահման համբերութեան եւ աջակցութեան։ Այդ քաջալերանքը մեծապէս կ’ոգեւորէր զիս՝ հետեւողական ըլլալու եւ բարելաւելու կարելիութիւններս։
Մեծ շնորհակալութիւն մեր շատ սիրելի հանդիսատեսին, որ ինչպէս միշտ այս անգամ ալ եղաւ մեզ խրախուսողը, լեցուց սրահը ու իր ծափողջոյններով խանդավառեց մեզ:
Հայ թատրոնը սիրող եւ գնահատող սիրելի՛ հալէպահայեր, դուք փաստեցիք, որ թատրոնը պէտք է ապրի մեր բեմերուն վրայ, ապրի ու զարգանայ։ Ձեր ներկայութիւնը եւ քաջալերանքը մեզ կը յորդորեն հոգատար ըլլալ ու միշտ բաց պահել «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին վարագոյրը։
Քանի մը համեստ տողերով անդրադառնամ նաեւ ընկերներուս բեմական աշխատանքին ու եռանդին։
Սկսիմ գլխաւոր դերակատար՝ Շանթ Ուրիշիկեանով, որուն հետ մէկէ աւելի թատերական խաղարկութեան մասնակցած եմ: Շանթին մասին երկու տողով խօսիլը արդար չէ, արդար ըլլալու համար հաւանաբար էջեր պէտք է գրել: Իր փորձառութենէն օգտուիլն ու իրեն հետ դեր խաղալը թատերական արուեստին արժէքը ընկալելու պատեհ առիթ մըն է իրողապէս:
Պարոն Տը Պուն ներկայացուց Սագօ Պալապանեանը։ Ան յաջողեցաւ ընտելանալ այս իւրայատուկ անձնաւորութեան կերպարին հետ եւ հարազատօրէն ներկայացուց իր դերը։
Մարինէ Մարգարեանը, կամ ֆրանսուհի տիկին Ժուլիէթի դերը խաղացողը, այնքան ճիշդ հասկցած եւ իւրացուցած էր ֆրանսուհիին կերպարը, որ սովորական արտայայտութիւններն ու շարժուձեւերն անգամ ամէն պահու տարբեր երանգով մը կը համեմէր, կարծէք իսկական ֆրանսուհի մը ըլլար։
Ժագլինին դերը կը խաղար Ալին Քիլէճեանը: Ալինը որպէս ուսանող դասերով ծանրաբեռնուած ըլլալով մէկտեղ միշտ ներկայ էր փորձերուն եւ ֆրանսուհի երիտասարդ աղջկան դերը խաղալով կը ջանար իր լաւագոյնը ներկայացնել:
Աննային դերը կը խաղար Սերենա Պէրպէրեանը։ Սերենան այս անգամ կրցած էր նուաճել նոր փուլ մը իր խաղարկութեան մէջ: Ան աւելի համարձակ ներկայութիւն դարձած էր բեմին վրայ:
Օսգարին դերը խաղցաւ Նազո Ատուրեանը եւ պէտք է ըսել, որ Նազոն յաղթահարեց իր ամչկոտութիւնը եւ մուտք գործեց թատրոնի իսկական, անկաշկանդ աշխարհ:
Վարիչի դերը խաղացողը Արշակ Հապէշեանն էր, որ թէեւ նոր դերակատար էր, բայց իր լուրջ մօտեցումով զարմացուց բոլորս: Իսկ Լաթաքիոյ մեր ներկայացումին ընթացքին նոյն դերը կատարեց Գէորգ Թիւթիւնճեանը, որուն համեստ նկարագիրն ու դերասանական փորձառութիւնը իմ պարզ գրիչով կարելի չէ նկարագրել։ Ան նուիրումով թատրոնին ծառայած է երկար տարիներ եւ օրինակ դարձած մեր բոլորին։
Նոր յայտնութիւն մըն էր կարծէք Սոֆիին դերը խաղցող Անժելա Չաղլասեանը, որ գրաւիչ ներկայութիւն դարձաւ բեմին վրայ իր աշխոյժ եւ համարձակ խաղարկութեամբ։ Տաղանդաւոր Անժելան իր լաւ խաղարկութեամբ հմայեց բոլորը:
Եւ վերջապէս Շարլոթին դերը խաղացող Սոնա Չալօղլեանը, որ որպէս նոր դերակատար հարստացուց մեր խումբը ու թէեւ անոր առաջին փորձառութիւնն էր բեմին վրայ, սակայն մեծ ջանք թափեց իր դերը լաւագոյն ձեւով խաղալու:
Յոյսով եմ, որ շատ երկար չի տեւեր մեր դադարը եւ շուտով կ’անցնինք յաջորդ ներկայացումի պատրաստութեան, քանի որ թատրոնը կլանեց մեզ, անդրադարձուց մշակոյթի ուժեղ դերին՝ մարդու եւ հաւաքականութեան ներաշխարհի հարստացման մէջ:
Շնորհակալութիւն Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորի վարչութեան, որոնք զօրավիգ կանգնեցան ու քաջալերեցին բոլորս։
Սագօ Խալոյեան