Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Մաշտոցեան Մատենադարանի նախաձեռնած Հայագիտական Միջազգային Քոնկրէսին, որուն բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2024-ի առաւօտուն:
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական բացումին, ինչպէս նաեւ այս միջոցին կազմակերպուած «Գրատօն» հայագիտական գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառին, ուր ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի պետական թէ մասնաւոր հրատարակութիւններ, որոնց կարգին Կաթողիկոսարանիս տպարանէն վերջին հինգ տարիներուն լոյս տեսած հայագիտական հրատարակութիւններ: Այս առիթով կաթողիկոսութեանս միաբաններ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան ու Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, ինչպէս նաեւ ազգայիններէն Մհեր Տէր Յովհաննիսեան, որոնք Երեւան ժամանած էին ՀԱՍԿ Հայագիտական տարեգիրքի շնորհանդէսին մասնակցելու, միասին շրջեցան ու ծանօթացան նոր հրատարակութիւններու:
«Գրատօն» ծրագիրի իրականացման զուգահեռ կատարուեցաւ շնորհանդէսը ԺԳ. տարուան ՀԱՍԿ Հայագիտականին, որ նուիրուած է Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին: Բացման խօսք արտասանեց Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Հայկ Համբարձումեան, որ բացատրեց ՀԱՍԿ տարեգիրքի անցած ճանապարհը եւ հրաւիրեց փոխտնօրէն Վահէ Թորոսեանը, որ ողջոյնի, գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ: Ապա, ԺԳ. հատորի բովանդակութիւնը ներկայացուց Մատենադարանի գիտաշխատող Էլիա Սարիբէկեանը:
Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց նաեւ ՀԱՍԿ Հայագիտական տարեգիրքի խմբագիր, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տէր Շահան Արք. Սարգիսեան:
ՀԱՍԿ Հայագիտական տարեգիրքէն օրինակներ տրամադրուեցան քոնկրէսի մասնակիցներուն։
Յայտնենք, որ ՀԱՍԿ Հայագիտական ԺԳ. հատորը լոյս տեսած է Ս. Աթոռի գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, իսկ խմբագիրն է Շահան Արք. Սարգիսեան։