Անցնող քանի մը օրերու ընթացքին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարգ մը թեմերու նորընտիր առաջնորդները.- Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան եւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան:
Վեհափառ Հայրապետը թեմակալ առաջնորդներուն անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց իրենց թեմերուն մասին՝ շեշտելով Կաթողիկոսարանին հետ հետեւողական գործակցութիւն զարգացնելու կարեւորութիւնը, եւ ապա հոգեւոր հայրերուն թելադրութիւններ կատարեց իրենց ծառայութեան գծով: