Սուլթան Մեհմէտ Ա նուաճեց Բիւզանդիոնը՝ գրաւելով Կոստանդնուպոլիսը եւ զայն վերանուանելով «Իսթանպուլ» մայրաքաղաք հռչակեց ու հիմնեց Օսմանեան Կայսրութիւնը, 1453-ին:
Ան անմիջապէս Պոլիս՝ կայսրութեան սիրտը փոխադրեց արհեստաւորներ, վաճառականներ եւ գործաւորներ եւ շարունակելով Բիւզանդական դրութիւնը, իշխանութեան լծակ դարձուց արհեստաւորական համքարութիւնները,  որոնց անմիջական վարիչները կոչուեցան «քէթհուտա, եաղիթպաշը, շէխ ու դատաւոր» որպէս պաշտօնեաներ:
 Այս դրութիւնը երկար չտեւեց, համքարութիւնը շուտով փոխարինուեցաւ «իսլամ եղբայրութեան ընկերակցութեամբ», աւելի աւելի արդիւնաւէտ միջոց, իսկ վարիչները դարձան «պաշքէթհուտան ու ախպապան»։ Կայսրութիւնը, սակայն, առողջ չէր: Ան օրէ օր աւելի ու աւելի կը մխրճուէր պարտքերու մէջ ու կը դառնար անկարող՝ իր ժամանակավրէպ իշխանութեամբ, յարատեւ պատերազմներով եւ օտար բարգաւաճ երկիրներու հետ ոչ-բնականոն յարաբերութիւններով, որոնց կողքին արհեստաւորին ու վաճառականին սահմանափակ կարողութիւններով: Այս իրողութիւնը Սուլթանը մղեց նոր դրութիւն մը որդեգրելու: Այսպէս 1526 – 27-ին ստեղծուեցաւ անմիջական կապ մը Սուլթանին ու արհեստաւորին եւ վաճառականին միջեւ, ան կոչուեցաւ «Միրի»։
Միրիի դրութեամբ արհեստաւորը կամ վաճառականը Սուլթանէն կը ստանային շահաբաժին մը՝ իրենց յաջողակ ու օգտաւէտ գործին բերումով. աւելի ուշ 1600-ին շահաբաժինին վրայ աւելցան որոշ իրաւունքներ եւ մենաշնորհներ, որոնք կոչուեցան «կէտիք»-ներ, այսպէս այս նոր աշխատաձեւի «Թանզիմաթ»-ին շնորհիւ կայսրութեան մէջ ծնունդ առաւ նոր ընկերային խաւ մը, որ կազմուած էր յատուկ կարողութիւններ ունեցող վաճառականներէ ու արհեստաւորներէ:
Վաճառականները կոչուեցան սեղանաւորներ՝ «պանքէր»-ներ, լումայափոխներ՝«սարրաֆ»-ներ, իսկ արհեստաւորները՝ գիւտարարներ: Եւ քանի որ հայ խոճաները, որոնք ժամանակի հետ ու պատմականօրէն մեծ կարողութիւններու տէր էին, հարուստ փորձառութիւն կուտակած էին ու «մօնոփոլիներու» միջոցով ներկայ էին ովկիանոսէ-ովկիանոս, դարձան Սուլթանին նախընտրեալ խաւը: Այսպէս ծնունդ առին հայ ամիրաները 18-րդ դարուն. անոնք «միրի»-ի դրութեամբ անմիջական Սուլթանին հետ գործակցող վաճառականներ ու արհեստաւորներ էին: Անոնք կարեւոր դեր ունեցան հայ ընկերային կեանքին ու Օսմանեան իշխանութեան շրջանակներէն ներս: Հայերը զանոնք կոչեցին «Ամիրաներ», ինչ որ պաշտօնապէս ճանչցուած կոչում մը չէր Սուլթանին կողմէ, անոնք պարզապէս «միրի»-ի գործակալներ էին: Ամիրաները ընդհանրապէս եղած են Ակնէն, Կեսարիայէն, Վանէն, Սվազէն կամ Տէվրէկէն։ Տարբեր աղբիւրներու համաձայն, անոնց քանակը 100 – 200 հոգի կը հաշուէր, իսկ անոնց բարգաւաճ շրջանը շարունակուած է մօտաւոր 200 տարի, մինչեւ 1853-1856 թուական: Ամիրաները եղած են վաճառականներ, սեղանաւորներ, լումայափոխներ, ճարտարապետներ եւ ճարտարագէտներ:
Ամիրաները կը կազմէին յատուկ ընկերային խաւ մը։ Դիւրին չէր ամիրաներու դասակարգին մաս կազմելը. ան կը պահանջէր պատկառելի հարստութիւն կամ հազուագիւտ ծառայութիւններ, որոնք պէտք է նպաստէին Օսմանական կայսրութեան արդիականացման գործընթացքին կամ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունենային պետութեան տնտեսական համակարգին մէջ:
Ամիրաները հաստատուած էին Պոլսոյ զանազան թաղամասերուն մէջ, ինչպէս՝ Օրթագիւղ, Հասգիւղ։ Անոնք կը տարբերէին պարզ ժողովուրդէն իրենց հագուածքով, ապրելակերպով։ Անոնք կ’ապրէին շքեղ ապարանքներու մէջ, ունէին անձնական պաշտօնեաներ ու ծառաներ, ունէին ձի վարելու արտօնութիւն (ինչ որ յատուկ էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ, որովհետեւ այս մէկը արտօնուած ու վերապահուած էր միայն իսլամ հասարակութեան), կը ներկայացնէին Օսմանեան կայսրութեան պուրժուական դասակարգը: Միայն իրենց կը վստահուէր մզկիթներու, պալատներու, գործարաններու եւ յատուկ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող շինութիւններու կառուցումն ու ղեկավարումը:
Ամիրաներու գերդաստաններէն են՝ Սերվէրեան, Տիւզեան, Միրիճանեան, Ճեզայիրլեան, Նեւրուզեան, Զարդարեան, Եսայեան եղբ., Գարամանեան, Գաբամաճեան, Ասլանեան, Պալեան, Տատեան, Արապեան, Զիլճեան  եւ Չալապիներու ընտանիքները:
Սեղանաւոր ամիրաները յաջողութեամբ կը հակակշռէին Օսմանեան կայսրութեան տնտեսական, ելեւմտական եւ պետական շահերը ու հարկահաւաքը, կը ներկայացնէին իրենց հաշուեկշիռները: Այսպէս օրինակ՝
Չալապիները (Էպրո Մուրտախանի Չալապի) կը մատակարարէին Օսմանական բանակին տնտեսութիւնը:
Ասլանեանները (Յարութիւն Մարտիրոս Արտակի) կը մատակարարէին Օսմանեան Ծովային Նախարարութեան տնտեսութիւնը:
Լումայափոխ Ամիրաները կը տնօրինէին Օսմանեան կայսրութեան պարտքերը, ստացականները, դրամական փոխանակումները, փոխանցումները ու կը բանային վարկերը: Այսպէս օրինակ՝
Եսայեանները Օսմանեան կայսրութեան դրամական գործարքները:
Գարամանեանները պատասխանատուութիւնը ունէին հողային ու կալուածային տնտեսութեան ղեկավարման:
Վաճառական ամիրաներ կ’երաշխաւորէին արեւելքէն կամ արեւմուտքէն Օսմանեան կայսրութիւն հասնող ապրանքը, ի մասնաւորի բանակի զինամթերքը: Այսպէս օրինակ՝
Գաբամաճեանները յանձն առած էին ապահովել Հալէպ-Պոլիս- Մանչեսթըր վաճառականութիւնը:
Գարամանեանները կ’ապահովէին ծովային երթեւեկը Պոլիսէն դէպի Սեւ Ծով եւ Կարմիր Ծով:
Ճարտարապետ ամիրաներ կը վարէին բոլոր ռազմավարական կառոյցները: Իսկ ճարտարագէտ ամիրաները՝ նաւաշինութիւնը, հանքերը, արդիական գործարանները: Այսպէս օրինակ՝
Գարամանեանները կը շահագործէին ածուխի հանքերը ու նաւաշինարարութեան աւազանները:
Պալեանները պատասխանատու էին կայսրութեան բոլոր ռազմավարական կառոյցներու իրագործման:
Զարդարեանները (Գէորգ Աբրահամ) ստանձնած էին թուղթի, խաւաքարտի ու «սիկարէթի-թուղթի» գործարանները եւ նոյնպէս կայսերական տպարանները ու մոմի արտադրութիւնը:
Տատեանները կը ղեկավարէին պարուտի ռազմական գործարանները:
Տուզեանները պալատի ոսկերչապետներն ու փողերանոցի տեսուչներն էին:
Ասլանեաները (Յարութիւն, Մարտիրոս, Արտակ) կը ղեկավարէին կաշեգործութեան բոլոր ձեռնարկները:
Ամիրաները միշտ ալ համախմբուած էին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին շուրջ, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունէր հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Մինչեւ 1846, ամիրաները իրենք կը նշանակէին իրենց թեկնածուները, որպէս Պատրիարք։ Անոնք կը հոգային եկեղեցւոյ ծախսերը, կ’օժանդակէին Պատրիարքարանի հովանաւորութեան տակ գործող կրթական, ընկերային եւ բժշկական ծրագիրներուն, սատար կը հանդիսանային աղքատ ընտանիքներուն: 1834-ին հիմնեցին Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցը, որ մինչեւ օրս կը ծառայէ ազգին եւ օտարին: Անոնք միշտ ալ հետամուտ եղան նախընտրութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը տալ հայ գործաւորին՝ ներգրաւելով զիրենք բոլոր ծրագիրներուն եւ ձեռնարկութիւններուն մէջ, որպէս գործաւորներ կամ պաշտօնեաներ: Հիմնած են մեծ թիւով վարժարաններ Պոլսոյ եւ տարբեր շրջաններու մէջ:
Հաստատած են տպարաններ ու կառուցած եկեղեցիներ այնտեղ, ուր կարելիութիւն գոյութիւն ունեցած է (որովհետեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ խստապէս արգիլուած էր եկեղեցիներու շինութիւնը): Շինարար եւ հիմնադրող ամիրաներէն կարելի է յիշատակել Մկրտիչ Ամիրա Միրիճանեան, Յովհաննէս Ամիրա Տատեան, Մկրտիչ Ամիրա Ճեզայիրլեան, Յարութիւն Ամիրա Նեւրուզեան, Շնորհք Ամիրա Միրիճանեան եւ շատ ուրիշներ:
Ամիրաներու այս փառքը ունեցաւ իր վախճանը 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, Սուլթան Ապտուլ Մէճիտի Թանզիմաթի
հռչակումէն ետք, 1839 թուականէն սկսեալ։ «Սարրաֆ» եւ սեղանաւոր ամիրաներու դիրքը տկարացաւ մասնաւորաբար 1853-1856 Ղրիմի պատերազմով, որովհետեւ եւրոպացիները, փոխելով իրենց ռազմավարութիւնը, սկսան նիւթական վարկեր տրամադրել թրքական իշխանութեան, ինչ որ թուլցուց «Սարրաֆ»-ներու եւ սեղանաւորներու միջամտութիւնը:
Անոնք կորսնցուցին նաեւ իրենց ազդեցութիւնը Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին վրայ 1856-էն ետք, երիտասարդ հայորդիներու սահմանադրական շարժումով։ Այնուհետեւ վէրք մը յառաջացաւ ժողովուրդին ու ամիրաներուն միջեւ, երբ միջազգային յառաջդիմական գաղափարներ թափանցեցին ժողովուրդի երիտասարդ խաւերուն մէջ եւ ամիրաները որպէս պուրժուա դասակարգ դարձան անբաղձալի իրենց հայրենակիցներուն կողմէ:
Աղբիւրներ
-Encyclopedia of the Ottoman Empire – Gabor Agoston & Bruce Masters   USA 2009 
-Ottoman Empires Debt management in 19th century and role of the Galata Bankers
(1838 – 1881) Prof. Dr. bedriye Tuncsiper 
-Industry in Ottoman Istanbul – Kadir Yildirim 
-Թրքական մամուլ
-Արաբական մամուլ 
-Ամիրաների դասը Կոստանդնուպոլսի հայ համայնքում – Ալպերթ Խառատեան 
-Հայ Սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի Տարածքին Պոլիսէն Մինչեւ Պէյրութ, Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան
Ճրտրգ. Կարպիս Մինասեան