Թուրքիոյ նախագահին Կազզայի մէջ իսրայէլեան ցեղասպանական արարքները դատապարտող խօսքին մէջ  ուշադրութեան արժանի արտայայտութիւններ կային, որոնք նոյնինքն Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը խոցելի կը դարձնէին, եթէ պահ մը տարածաշրջանի տարբեր երեւոյթները դիտենք միջազգային օրէնքի դիտանկիւնէն։
Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ Անգարա կրնայ Իսրայէլ մուտք գործել ճիշդ այնպէս ինչպէս Արցախ եւ Լիպիա մուտք գործեց, եւ ոչինչ կ’արգիլէ անոր:
«Պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլ չկարենայ բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ  այս արարքները գործել: Ճիշդ այնպէս ինչպէս Ղարաբաղ մուտք գործեցինք, ճիշդ այնպէս  ինչպէս Լիպիա մուտք գործեցինք, կրնանք Իսրայէլ մուտք գործել: Չկայ բան մը, որ չենք կրնար ընել», յայտարարեց Էրտողան: Այստեղ Էրտողան մոռցաւ յիշել Սուրիան, հաւանաբար յարաբերութիւններու կարգաւորման իր յոյսերը նկատի ունենալով։
Թուրքիոյ նախագահը փաստօրէն կը դատապարտէ բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ Իսրայէլի մուտքը, խոստովանելով բռնագրաւեալ Արցախ Թուրքիոյ մուտքը, աւելին. Արցախի բռնագրաւման մէջ Թուրքիոյ հիմնական դերը։
Այս արտայայտութիւնը կը հաստատէ, որ Ատրպէյճան պիտի չկարենար դիմել Արցախի բռնագրաւման քայլին՝ առանց Թուրքիոյ հետ համադրելու զինուորական ողջ գործընթացը։ Ու որքան ալ  Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը ուրացողներ ըլլան, Ատրպէյճանի ղեկավարը իր բանակի յաղթանակով «պարծենայ», յստակ կը դառնայ, որ Թուրքիա Հարաւային Կովկասի մէջ թուրանական ծրագրի իրագործման համար մուտք գործեց Արցախ ու ինք օրակարգ թելադրեց։
Այս տուեալներուն լոյսին տակ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման համար կատարուող հանդիպումները որքանո՞վ կրնան վստահելի ապագայ խոստանալ Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը, եթէ Թուրքիան տնտեսապէս ալ աստիճանաբար թափանցէ Հայաստան, Ատրպէյճան վերահսկէ Հայաստանի Հիւսիս-հարաւ ճանապարհներու ռազմավարական կէտերուն ու ազերի զինուորները կանգնելով Հայաստանի գիւղերու մերձաւորութեան, ուղղակի հսկողութեան տակ առնեն հայկական սահմանային գիւղերը։
Հաւանաբար հաւատացողներ ըլլան, որ Թուրքիա-Հայաստան բարիդրացիական յարաբերութիւնները ստիպողաբար
կրնան մեղմացնել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի թշնամական վարքագիծը գէթ արտաքին աշխարհին դիմաց, սակայն Հայաստան պիտի յայտնուի նաեւ անոնց կիզակէտին մէջ իր բաց սահմաններով, ուստի պէտք է ունենայ այնպիսի ուժեղ բանակ եւ երկրէն ներս յատկապէս առեւտուրի եւ տնտեսութեան վերաբերող այնպիսի սերտուած օրէնքներ, որոնց միջոցաւ գէթ հետագային կարելի կ’ըլլայ թուրք-ատրպէյճանական տնտեսական կախուածութեան ենթակայ չդարձնել Հայաստանը եւ զայն ժամանակի ընթացքին չպահել այդ երկիրներու տնտեսական եւ այլ ճնշումներուն ենթակայ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահը իր ելոյթով կը ջանայ Նեթանիահուն «մերօրեայ Հիթլեր»-ը անուանել, այլ խօսքով ցեղասպան կոչել, պահ մը մոռնալով որ ինք եւս ուրացած է եւ կը շարունակէ ուրանալ նոյն Հիթլերին վայրագութիւնները դրդող Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Հիթլերը չէ՞ր միթէ, որ կ’ըսէր, թէ այսօր ո՞վ կը յիշէ 1,5 միլիոն Հայերու Ցեղասպանութիւնը։
Տակաւին Թուրքիոյ նախագահը կ’այպանէ աշխարհին շարունակ ժողովըրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու դասեր տուող արեւմտեան երկիրները, որոնք յիրաւի նուազագոյն ամօթը չզգացին Նեթանիահուին՝ «մերօրեայ Հիթլեր»-ին, ծափահարելու ԱՄՆ քոնկրէսին մէջ իր ելոյթին ընթացքին: Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել Թուրքիոյ նախագահի ելոյթներուն ծափահարողներուն. այն նախագահին, որ շարունակեց Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը, հակառակ Ցեղասպանութեան աշխարհի երկիրներու մեծամասնութեան կողմէ ճանչցուած ու դատապարտուած ըլլալուն, հակառակ թուրք պատմաբաններու վկայութիւններուն, Օսմանեան արխիւներու փաստերուն. այն նախագահին, որ մասնակցեցաւ արցախահայերու բռնի տեղահանման ու ցեղային զտման առաջնորդող գործողութիւններուն. այն նախագահին, որ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն ահաբեկիչներ ուղղեց Սուրիա, ֆինանսաւորեց անոնց բռնարարքները, յետոյ նոյն ահաբեկիչները փոխադրեց Արցախեան ճակատ։
Տակաւին Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կը յայտնէ որ. «Իսրայէլի ցեղասպան վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի վերջը նացի ղեկավար Ատոլֆ Հիթլերին նման պիտի ըլլայ»:  Ու կ’աւելցնէ. «Պիտի չկարենաք զանոնք բնաջնջել ու այնպէս ինչպէս նացիները՝ հաւաքական ոճիրներու գործիչները հաշուետուութեան ենթարկուեցան, այդպէս ալ պաղեստինցիները ցեղասպանութեան ենթարկել փորձողները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին»:
Ու թէեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաշտ աչքով չդիտեց Թուրքիոյ նախագահին այս ելոյթը ու շեշտեց, որ Ատրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն որեւէ երկրի զինուորներու մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնը որեւէ հիմք չունի, սակայն Թուրքիան վկայեց, որ Ատրպէյճանի զինուորական կարելիութիւնները թոյլ չէին տար Արցախի բռնագրաւման, եթէ չըլլար Թուրքիան:
Հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին, այո՛,  սակայն բոլոր ցեղասպաններն ու ցեղասպանութիւններ հրահրողները, ուրացողները, երբ հասնին պատեհ ժամանակն ու պայմանները։
Այսօր ջարդարարները զիրար կ’այպանեն, ողջ մարդկութեան առջեւ ծաղրի ենթարկելով միջազգային օրէնքները, մարդկային իրաւունքները եւ մասամբ նորին։ Միջազգային ընտանիքի անտարբերութիւնն է զիրենք անմարդկայնութեան այս մակարդակին հասցնողը։
Իսկ եթէ պահ մը պատկերացնենք, թէ Թուրքիան կրնայ մտնել Իսրայէլ, պիտի հաստատենք, անտարակոյս, որ ան պիտի մտնէ ո՛չ թէ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելու, այլ քարիւղ վաճառելու Իսրայէլի պատերազմական օդանաւերուն համար։