Օգոստոսի առաջին օրերուն, միջազգային մամուլը ողողուեցաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ բանտարկեալներու փոխանակման լուրերով:
Միաձայնութեամբ հռչակուեցաւ, որ «Պաղ պատերազմ»-էն ի վեր, սա փոխանակման մեծագոյն գործողութիւնն էր:
Ընդամէնը 26 բանտարկեալներու առ-եւ-տուր տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ արեւմուտքցի դաշնակիցներու միջեւ, դռները լայն բանալով հազար ու մէկ մեկնաբանութեան առջեւ, որոնք փորձեցին պատասխաններ գտնել որոշ հարցումներու, սակայն նաեւ նոյնքան ալ նոր հարցականներ ստեղծեցին:
Փոխանակման այս քայլերը մեզ ալ կը հետաքրքրեն, սակայն որոշ կէտեր մեզի համար այդքան ալ շահեկան չեն ուղղակիօրէն: Օրինակի համար, ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ հոս-հոն մահասփիւռ աքլորամարտ մղողներ կը յաջողին «սեղանի տակէն» համաձայնութեան հասնիլ, կամ՝ ամերիկեան նախագահական ընտրապայքարի դարձակէտային մէկ փուլին, երբ Քամալա Հէրիս երկու ձեռքով փէշերը հաւաքած՝ օր ըստ օրէ յառաջ կ’անցնի Թրամփի դէմ մրցավազքին մէջ, ահա ճի՛շդ այդ պահուն, «Թրամփի բարեկամ» հռչակուած Փութին Պայտընի վարչախումբին կ’ընծայէ շահող խաղաքարտ մը: Անդին, Գերմանիոյ մէջ զայրոյթ կը նկատուի, որովհետեւ վարչապետ Շոլց ընդունած է Ռուսիոյ յանձնել մէկը, որ իբրեւ ահաբեկիչ-ոճրագործ դատուած եւ երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուած էր Գերմանիոյ մէջ:
Մարդիկ զայրացած են, տեսնելով, որ Գերմանիա յարատեւօրէն տեղի կու տայ ամերիկեան ճնշումներու տակ. նախընթաց զիջումներուն հետեւանքներէն մէկն ալ՝ վառելանիւթի – եւ այլ կենսանիւթերու -սակերուն բարձրացումն էր (ի շահ ամերիկեան գանձանակներու): Հարց կը տրուի նաեւ, թէ ազատ արձակուողներէն քանի՞ն իսկապէս յանցաւոր էր, իսկական լրտես, քանի՞ն՝ Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան քաւութեան նոխազ (մոռցէ՛ք Ուքրանիան, որուն ժողովուրդը կը ջարդուի, երկիրը կ’աւերուի): Տակաւին՝ ինչո՞ւ Անգարան ընդունուեցաւ իբրեւ փոխանակումի մէկ հանգրուանը: Կան նաեւ թաքուն հարցականներ…
***
Մեզի համար շահեկան կէտերու շարքին են առնուազն հետեւեալները.
Հակառակորդները բանտարկեալներ ԿԸ ՓՈ-ԽԱ-ՆԱ-ԿԵՆ, այսինքն, մէկը ազատ կ’արձակէ խումբ մը, որուն դիմաց կը ստանայ խումբ մը. 12-ի դէմ 14:
Կողմերը տուն դարձողներուն ճակատաբաց կը յայտարարեն, թէ չեն մոռցած իրենց հպատակները եւ երկար ատեն շարունակած են անոնց ազատ արձակման ի խնդիր լուռ աշխատանքները, եւ ահա կը հասնին սպասուած արդիւնքին:
Տուն դարձողները գրկաբաց կը դիմաւորուին պետական ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ, առանց մտահոգութիւն ունենալու, որ զիրենք հարցաքննութեան պիտի տանին ու կրնան յանցաւոր հռչակուիլ…
Ինչո՞ւ ըսինք, թէ մեզի համար կան ուղղակի շահեկան կէտեր: Պարզ այն պատճառով, որ մենք՝ հայերս ալ բանտարկեալներ ունինք Պաքուի մէջ: Անոնց շարքին են Արցախի քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներ, գերի բռնուած զինուորներ, արցախցի պատահական քաղաքայիններ, որոնց դէմ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յերիւրածոյ մեղադրանքներ շարադրած է, մաս մը երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտուած է, իսկ մնացեալներուն ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: (Թէեւ անորոշ չէ, որ անոնք Պաքուի ձեռքին կը մնան նորանոր զիջումներ խլելու խաղաքարտ):
Արդար ըլլալու համար ըսենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ալ փոխանակում տեղի ունեցած է, սակայն անհամաչափ ձեւով: Քանի մը գերի բռնուած կամ նահատակուած զինուորի դիմաց, յանձնուած են ականապատ դաշտերու՝ ընդարձակ տարածութիւններու քարտէսներ, Ատրպէյճան ղրկուած են – եւ հերոսացուած – փաստուած ոճրագործներ (մանրամասնութիւնները ծանօթ են): Հայկական կողմը ձեռքէ հանած է վերջին խաղաքարտը: Իսկ թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Պաքու մնացողներուն՝ Երեւանի իշխանաւորն ու իր մանկլաւիկները լաւագոյն պարագային կը հաւաստեն, որ անոնց ազատ արձակման համար աշխատանք կը տարուի, սակայն փաստերը ուրիշ բան ցոյց կու տան:
Փաստերը կ’ըսեն, որ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՄՈՌՑԱԾ Է ԶԱՆՈՆՔ, պատրաստ է ազերիական (եւ թրքական) նոր պահանջներ բաւարարելու՝ առանց փոխադարձութեան: Երեւանի իշխանաւորներուն հաշիւներով՝ առ-եւ-տուրը ունի բոլորովին այլ երանգ, «խաղաղութիւն բերենք, սահմանները բանանք եւ դրամ շահինք»ի տրամաբանութիւնը, հոգ չէ թէ նման ցնորքներ չեն իրականանար, իսկ գինը՝ հայրենիքէն նորանոր պատառիկներու յանձնումն է:
***
Եկէ՛ք, անկեղծօրէն հարց տանք. ինչո՞ւ կը կարծէք, որ Երեւանի իշխանաւորները պէտք է հետաքրքրուին Արցախէն գերի ու պատանդ տարուածներու ճակատագիրով: Չէ՞ որ իշխանախումբը Արցախը ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ճանչցաւ իբրեւ Ատրպէյճանի մէկ մասը: Անկէ ետք, ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ ինքն իրեն իրաւունք տայ հետաքրքրուելու բաներով, որոնք Ատրպէյճան իր «ներքին հարցերը» կը նկատէ:
Ներքին հարցերու միջամուխ ըլլալ-չըլլալու տրամաբանութիւնն ալ տարբեր երանգ ունի Հայաստանի համար. հոն, որեւէ պատահական կամ առնչակից երկիր կրնայ իր «քիթը խոթել» մեր ներքին հարցերուն, մինչեւ իսկ զինուորական ներկայացուցիչ տեղադրել պաշտպանութեան նախարարութեան պարիսպներէն ներս, ի խնդիր… ժողովրդավարութեան ու գերիշխանութեան ամրապնդման):
Անդին, Ատրպէյճան ինքն իրեն իրաւունք կու տայ բանտարկեալներուն հետ վարուելու այնպէս՝ ինչպէս կը ցանկայ, մանաւանդ որ Հայաստանի իշխանաւորներն ալ կը ձայնակցին իրեն, օր չ’անցնիր, որ ազերիական անհիմն պահաջներ ու տեսակէտներ չթութակուին Երեւանի մէջ, իրերայաջորդ շահող խաղաքարտեր ձեռքէ կը հանուին… հպա՛րտօրէն:
…Երեւանեան լրատու աղբիւրէ մը լսեցինք հետեւեալ հարցականը: Արդեօք նախագահ Պայտըն բան մը կրնա՞յ ընել մեր բանտարկեալներուն ի շահ:
Պատասխանը յստակ չէ՞. Պայտըն (կամ ոեւէ այլ բարեկամ-դաշնակից) ինչո՞ւ պէտք է մտածէ մերիններուն համար «բան մը ընել»ու մասին, երբ Երեւանի իշխանաւորները կ’ուրանան զանոնք եւ զբաղած են խնճոյքներով ու անորակ երգահանդէսներով:
Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ
2 Օգոստոս 2024