Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական եւ ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու լայն հանդիպում մը` քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հաւանական որեւէ զարգացումի ժամանակ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները:

Երեսփոխան Բագրատունի ներկայացնելէ ետք ներկայ իրավիճակը, ժողովականները միասնաբար ճշդեցին ստիպողական վիճակներու պարագային ձեռք առնուելիք անհրաժեշտ միջոցները` ապահովելու համար մեր ժողովուրդի հիմնական կարիքները` եւ կանխարգիլելու խուճապային մթնոլորտը:

Երեսփոխանական գրասենեակի հրաւէրով կայացած այս հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Անի Պուճիգանեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, «Ճինիշեան» հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Թալին Թերզեան եւ հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ Լենա Տանաօղլեան: