Իրանի նոր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան նախկին արտաքին գործոց նախարար (2013-2021), 2015 թուականին մեծ տէրութիւններու հետ միջուկային համաձայնագրի գլխաւոր բանակցող Մոհամմետ Ճաուատ Զարիֆը նշանակած է ռազմավարական հարցերով փոխնախագահ։

«Ձեզի յանձնարարուած է վերահսկել ազգային և միջազգային խոշոր զարգացումները, ինչպէս նաեւ, թէ որքանով մենք կը յաջողինք հասնիլ սահմանադրութեան նպատակներուն», ըստ պաշտօնական ԻՌՆԱ լրատու գործակալութեան, նշանակման նամակին մէջ ընդգծած է Փեզեշքեան: