Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2024-ին Բեթէլ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզի եւ 6-րդ կարգի շրջանաւարտ հունձքերուն հանդէսը:

Ներկայ էին Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու մարմիններ, Սուրիոյ Հայ Աւեկարանական համայնքի կրթական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ եւ հիւրեր:

Հանդէսը սկսաւ զոյգ քայլերգներով, ապա ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս` յարգելու յիշատակը բիւրաւոր նահատակներուն:

Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան կատարեց բացման աղօթքը, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի մանկապարտիզպանուհին՝ Անի Կարճիկեան-Հարպոյեանը:

Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ մանկապարտէզի եւ 6-րդ կարգի աշակերտները «Տէր Յիսուսի ես պիտի հետեւիմ», «Բարեւ ձեզ», «اكتب اسمك يا بلادي», «Graduation» եւ «Խաղաղաղութիւն» խմբային երգերով հանդէս եկան: Ապա աշակերտները խաղաղութեան, հայկական եւ արաբական պարերով խարդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին:

6-րդ կարգի աշակերտները իրենց հայերէն եւ արաբերէն ներկայացումներուն մէջ վեր առին խաղաղութեան թեման, մաղթելով մանուկներուն ուրախ եւ անհոգ մանկութիւն, իսկ սէր եւ խաղաղութիւն՝ հայրենիքին եւ ամբողջ աշխարհին:

Այնուհետեւ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ մանկապարտէզի 6-րդ կարգի 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութիւնը:Ապա մանկապարտէզի աշակերտները «Մաքուր պահենք մեր շրջապատը» թատերական ներկայացումով հանդէս եկան: Ետքը 6-րդ կարգի աշակերտները ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուցին դպրոցական գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ, իսկ անգլերէնով՝ աշակերտները Համայնքապետ Վերապատուելիին, տնօրէնութեան, եւ ուսուցչական կազմին շնորհակալական խօսքեր արտասանեցին իրենց անխոնջ աշխատանքին համար:
Այնուհետեւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան բեմ հրաւիրուեցաւ իր խօսքը փոխանցելու: Տիկ. ՉիլԱբօշեան հակիրճ տեղեկութիւններ տալով ներկայացուց 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի բեղուն ընթացքը, դպրոցին ձեռքբերումներն ու մարտահրաւէրները:

Ապա շնորհաւորեց մանկապարտէզի շրջանաւարտ աշակերտները եւ 6-րդ կարգի ընթացաւարտ աշակերտներն ու իրենց ծնողները վկայականաց բաշխումի ուրախ առիթով:

Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ըսելով.«Որ Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանը, որպէս կրթական հաստատութիւն մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական կարգեր հայ աշակերտին ոչ միայն կը փոխանցէ նորարար գիտութիւն , այլ զայն կը ջամբէ ազգային եւ հոգեւոր դաստիարակութեամբ»:

Վերապատուելի Համայնքապետ Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ձեռամբ, արտօնատէրի ներկայացուցիչին, մանկապարտիզպանուհիին եւ տնօրէնուհիին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը եւ հայերէնի գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումը, որմէ ետք Վերապատուելին իր խօսքը փոխանցեց ըսելով. «Մենք հետեւեցանք ուսանելի բնաբան բովանդակող այն ներկայացումին, որ աշակերտները ներկայացուցին, ինչպիսին է՝ կենսոլորտը եւ մթնոլորտը պահել մաքուր եւ նաեւ ըլլալ ջատագով խաղաղութեան»: Վերապատուելին նկատել տուաւ, որ աշակերտները իրենց ներկայացումներուն ընդմէջէն վաղ տաիքէն կը սորվին խաղաղութեան ջատագովներն ու դեսպանները դառնալ, ինչպէս նաեւ իրենց շրջապատին նկատմամբ ունենալ զգաստ եւ բծախնդիր վերաբերմունք»:

Վերապատուելին դիտել տուաւ, որ ոչ թէ միայն մաքուր պահենք շրջապատը, այլ՝ մաքուր պահենք մեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք մտքի մաքրութեան կ՚առաջնորդեն մեզմէ իւրաքանչիւրին:

Աւարտին, ան շնորհաւորեց վկայեալներն ու անոնց ծնողները, բարձր գնահատեց ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան աշխատանքը՝ մաղթելով բարեբեր եւ բեղուն գործունէութեամբ յագեցած օրեր:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Վերապատուելիին առաքելական օրհնութեամբ եւ վարժարանին քայլերգով:

Ժանէթ Լիպարեան-Թիւթիւնճեան