Դարեր շարունակ, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական կեանքին նկատմամբ միշտ ալ թիրախաւորումներ, յարձակումներ, բամբասանքներ, ծաղր ու ծանակներ եղած են, եւ վստահ եմ, որ այս բոլորը պիտի շարունակուին նոյն ոճով եւ թերեւս ալ աւելի զօրաւոր ու ազդեցիկ կերպով ընթանան:
​Վերջերս, բոլորս ալ ականատես եղանք Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսութեան ընթացքին Քրիստոսի վերջին ընթրիքի պատկերին ծաղր ու ծանակ դառնալուն՝ անճոռնի, բիրտ, անբարոյական եւ տհաճ արարքով մը: Այս համաշխարհայնացման մաշտապին մէջ, ականատես ըլլալով այս արարքին տհաճութեան, մենք՝ իբրեւ Քրիստոնեաներ, ընելիք եւ ըսելիք ունինք:
​Դարերէ ի վեր ազգը պահողը, հաւատքի մատակարարումը կատարողը, կեանքի բարոյականը ուսուցանողը, հաւատացեալը ճշմարիտ եւ ուղիղ ճանապարհին մէջ դնողը եղած է միայն ու միայն եկեղեցին: Ոչ մէկ թագաւորութիւն, իշխանութիւն կամ պետութիւն, թագաւոր կամ նախագահ, չեն կրցած ժողովուրդին տալ այն ինչ որ եկեղեցին դարեր շարունակ տուած է իր հաւատացեալներուն եւ համաշխարհայնացման ներկայ տագնապին մէջ կը շարունակէ տալ առանց ակնկալութեան:
​Միշտ ալ պիտի ըլլան մարդիկ, կազմակերպութիւններ եւ սատանայական ազդեցութեան տակ գործող հաստատութիւններ, որոնք պիտի հարուածեն եկեղեցին, բայց անիկա, իբրեւ Աստուծոյ ժողովուրդի հաւաքոյթ եւ Քրիստոսի անխախտ վէմին վրայ շինուած կառոյց, չի սասանիր ոչ մէկ փոթորիկէ կամ քայքայումէ:
​Վարդանանց պատերազմի ընթացքին, հայոց քաջարի նախարարները, կանգնած Յազկերտին դիմաց, խրոխտաբար կ’ըսէին. «Եկեղեցին մարդկային շինուածք չէ. եկեղեցին ո՛չ թագաւորներու պարգեւ է, ո՛չ ճարտար արուեստի արդիւնք, ո՛չ իմաստուններու գիւտ, ո՛չ զինուորներու քաջութեամբ ձեռք բերուած աւար եւ ոչ ալ դեւերու մոլար խաբէութիւն. երկիրի վրայ չես կրնար ցուցնել որեւէ բան, որքան ալ վեհ ըլլայ անիկա կամ վատ, որմէ որեւէ տեղ եկեղեցի յառաջ գայ: Եկեղեցին Աստուծոյ շնորհքն է, տրուած ոչ թէ մարդոցմէ ոեւէ մէկուն, այլ բոլոր բանական ազգերուն, որոնց վիճակուած է այս արեւուն տակ բնակիլ: Անոր հիմերը հաստատուն վէմի վրայ դրուած են. ոչ մարդիկ կրնան շարժել, ոչ ալ հրեշտակները՝ սասանեցնել» (Եղիշէ):
​Հետեւաբար, Եւրոպան կամ ընդհանրապէս Արեւմուտքը, ինչ միջոց ալ օգտագործեն, պիտի չկարենան խափանել Սուրբ Եկեղեցւոյ նկարագիրը, պիտի չկարենան աղաւաղել Սրբազան Եկեղեցւոյ պատկերը եւ անոր սրբութիւնները: Աստուած, իբրեւ բարեգութ եւ արդար, երբ յարմար ժամանակը գայ, Ինք արդար դատաստան պիտի կատարէ բոլոր մոլորեալներուն նկատմամբ:

Արմէն Աբղ.