Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող 23 հայերը յանցագործութիւն չեն կատարած: Այս իրողութիւնը Alpha News-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենո Օքամփո:
«Կլիմայի փոփոխութեան մասին յաջորդ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերին Պաքուի մէջ։ Միեւնոյն ատեն Պաքուի բանտերուն մէջ կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղէն 23 հայեր։ Անոնք յանցագործութիւն չեն կատարած։ Անոնք պարզապէս առաջնորդներ են Լեռնային Ղարաբաղէն։ Այդ իրողութիւնը պատճառ չէր կրնար ըլլալ ձերբակալելու զիրենք։ Աշխարհի բոլոր հայերը պէտք է պահանջեն, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած արցախահայերու առաջնորդները պատանդ չպահուին», ըսած է Օքամփո:
Անոր համաձայն, առաջնորդներու գերեվարումը արցախցիները վախի մէջ պահելու նպատակ ունի, որպէսզի երբեք չվերադառնան Լեռնային Ղարաբաղ, այլապէս պիտի գերեվարուին։
«Ասիկա սպառնալիք է բոլոր արցախցիներուն՝ ըսելու, թէ վերադառնալու պարագային բանտերու մէջ պիտի յայտնուիք։ Ուստի բոլորս պէտք է աշխատինք զիրենք ազատ արձակելու համար։
Այլ հարց մըն ալ այն է, որ Ատրպէյճանի մէջ չկայ դատական համակարգ, որ զիրենք արդարացնէ։ ԱՄՆ-ի Պետական մարմինները կը քննադատեն ատրպէյճանական համակարգը եւ դիտել կու տան, որ բանտերու մէջ մարդիկ կը տանջեն, կը խոշտանգեն, իսկ անկախ դատաւորներ գոյութիւն չունին։ Հետեւաբար Ատրպէյճանի մէջ պիտի չըլլայ նոյնիսկ մէկ դատաւոր, որ ըսէ՝ ՛՛պարո՛ն Ալիեւ, դուք պէտք է ազատ արձակէք այս առաջնորդները՛՛։ Հայկական սփիւռքը պէտք է լսելի դարձնէ իր ձայնը ամբողջ աշխարհին», դիտել տուած է Օքամփո:
Ան շեշտած է, որ COP29-ին շատ կարեւոր է կրկին բարձրացնել հայ գերիները ազատ արձակելու պահանջը:
«Եթէ դուք կարդաք լուրերը, պիտի տեսնէք, որ Լեռնային Ղարաբաղը անհետացած է լրատուամիջոցներէն, որովհետեւ հիմա գոյութիւն ունին Կազզան, Ուքրանիան․ այսօր բազմաթիւ հակամարտութիւններ կան աշխարհի մէջ: Այդուամենայնիւ հարկ է վերյիշեցնել աշխարհին։ Նոյեմբերի համաժողովը հարցին վերադառնալու եւ հարցը պատշաճ ձեւով ներկայացնելու առիթ է։ Ոչ մէկ արդարացում կայ Լեռնային Ղարաբաղի առաջնորդներու գերեվարման համար: Ժամանակն է, որ հայերը պաշտպանեն իրենց ազգակիցները եւ վերջ», եզրափակած է Լուիս Մորենո Օքամփո: