ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 4 Օգոստոսին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրուան առիթով Դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Տարիներ կ՛անցնին եւ ցաւը կը մնայ մեր սրտերուն մէջ` սպասելով ամբողջական ճշմարտութեան եւ արդարութեան` անմեղ նահատակներուն համար, որոնց միակ յանցանքը մայրաքաղաքի կեդրոն գտնուիլն էր»: