Իսրայէլ-Դիմադրութեան առանցք բախումներու աշխարհագրութիւնը կրնայ ընդլայնիլ, յատկապէս եթէ Իրանի պատասխան հարուածը Իսրայէլի կողմէ Հանիէի Թեհրանի մէջ սպանութեան որպէս պատասխան, ապա նաեւ Լիբանանի արուարձանին մէջ Դիմադրութեան երկրորդ դէմքի սպանութեան որպէս արդիւնք, ըլլայ մեծ ու ցաւցնող հակահարուած։
Պատերազմի աշխարհագրական տարածքի ընդլայնման պարագային բնականաբար պիտի ազդուին նաեւ Միջինարեւելեան երկիրները, որոնք վերջին տարիներուն, այսպէս կոչուած «արաբական գարուն»-ի բերած սեւ օրերուն հետեւանքով տնտեսական բաւական մեծ վնասներ կրեցին արդէն։
Պատերազմի ընդլայնումի պարագային ցամաքային, օդային եւ ծովային արդէն որոշ չափով ամլացած ճամբաները (եթէ նկատի ունենանք Լիբանան- Սուրիա- Յորդանան- Թուրքիա- Իրաք ճամբաներու վերջին տարիներու վիճակը եւ անոր հետեւանք տնտեսական վնասները) առաւել եւս կրնան ամլանալ, ինչ որ իր բացասական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ այս շրջանի երկիրներու տնտեսութեան վրայ։
Միւս կողմէ, սակայն, Իսրայէլ Կազզայի մէջ իր արիւթաթախ ձեռքը կրնայ երկարել այս անգամ դէպի Լիբանան, Սուրիա եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու որոշ շրջաններ, ինչ որ կրնայ սպառել իր կարողութիւնները, եթէ նկատի ունենանք իրանեան նախատեսուող հակահարուածը եւ արաբական երկիրներէ, յատկապէս Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հաւանական հակահարուածները։
ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններու սեմին է, ինչ որ կասկածելի կը դարձնէ պատերազմական նոր աշխարհագրութիւններու մէջ ուղղակիօրէն մտնելու հաւանականութիւնը, հակառակ անոր որ ԱՄՆ-ի նաւատորմ մը հասած է արդէն Միջերկրական ծով։
Տարածաշրջանային որեւէ պատերազմի տնտեսական հետեւանքները իր տարողութեամբ եւ բնոյթով կախեալ են այդ պատերազմի աշխարհագրական սահմաններէն, ձեւերէն եւ անոր մասնակից երկիրներէն։ Այս պարագային, պատերազմի աշխարհագրական ընդլայնումով բոլոր ջրային ճամբաները եւ առեւտրային երթեւեկութեան ուղիները վտանգի գօտիի մէջ պիտի յայտնուին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ միջինարեւելեան առեւտուրը ուղղակիօրէն պիտի ազդուի։
Պատերազմի ընդլայնումով կրնան ազդուիլ նաեւ ինչպէս Ծոցի այնպէս ալ Ծոցի շարք մը երկիրներու մէջ ներդրումային ձեռնարկներ ունեցող արեւմտեան երկիրներ, որովհետեւ կարելի պիտի չըլլայ ակնկալել ապրանքի եւ քարիւղի բնականոն հոսք դէպի Արաբական Ծոց, եթէ Իրան յարձակման թիրախ դառնայ, նոյնն ալ դէպի Միջերկրական Ծով, եթէ Սուրիա եւ Լիբանան թիրախ դառնան ամերիկաիսրայէլեան ուժերու կողմէ։
Ամէն պարագայի համաշխարհային տնտեսութեան անկումի այս օրերուն, իսրայէլեան ոճրային արարքները անհաւանական է որ պատճառ դառնան Իսրայէլ-Իրան պատերազմի աշխարհագրական տարածքի ընդլայնման, որովհետեւ աւելի պիտի բարդացնեն ոչ թէ միայն միջինարեւելեան երկիրներու, այլեւ նոյնինքն յարձակող երկրին տնտեսական թաւալգլոր անկումը։
Եթէ Իրանի եւ դիմադրութեան շարժումի լոկ հակահարուածի նախապատրաստուելու յայտարարութիւնը բացասաբար անդրադարձաւ Իսրայէլի տնտեսութեան եւ հասարակութեան հոգեբանութեան վրայ ընդհանրապէս, պատերազմի ընդլայնումով ոչ միայն անդառնալի վնասներ պիտի կրէ այդ երկրին տնտեսութիւնը, այլեւ թափ պիտի առնէ Պաղեստինեան անկախ պետութեան ճանաչման հարցը, ինչ որ յաւելեալ ճնշում պիտի բանեցնէ Իսրայէլի վրայ։
Հարուած-հակահարուածի տարողութիւնը իրողութիւններ կրնայ փոխել գետնի վրայ յառաջիկայ օրերուն։