Մեզմէ շատեր իրենց կեանքին մէջ ունին արժէքներ, որոնց կառչած կը մնան մտքով եւ հոգիով: Այդ արժէքները կրնան նիւթական կամ բարոյական ըլլալ, սակայն ինչ ալ ըլլան, ու ինչ ալ ըլլայ մարդոց կարծիքը անոնց մասին, խնդրոյ առարկային համար սրբութեան համազօր կը մնան:
Ինծի համար այդ արժէքը դրախտաշերտ մըն է այս մոլորակին վրայ, որուն վրայ 1947-ին, իբրեւ աստուածային հրաշալի լոյս, հայրենասիրութիւն բուրող կառոյց մը փայլեցաւ, փայլեցուց եւ տարիներէ ի վեր կը շարունակէ լուսաւորել սերունդներու ճանապարհը, զգուշացնելով զիրենք` ապազգային հոսանքներէ, քաջալերելով` մայրենի լեզուի օգտագործումը, հաստատելով որ ան է միակ միջոցը, որ մեզ կը կապէ հայկական արմատներուն, կ’երաշխաւորէ Հայրենիք մեր վերադարձը եւ վերջապէս ազգային ու համայնքային կեանքին առնչակից կը պահէ մեզ:
Այդ հզօր կառոյցը Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանն է: Այս օջախին մէջ անցուցած եմ կեանքիս ամենագեղեցիկ օրերը, ապրած եմ ամենաջերմ պահերը, զինուած եմ ազգային ոգիով եւ դաստիարակուած հայեցի շունչով՝ լաւագոյն ուսուցիչներու հսկողութեամբ:
Ճեմարանը յատուկ է ընկերային մօտեցումովը իր դաստիարակներուն, որոնք յաջողած են կայուն կապեր հաստատել աշակերտներուն հետ՝ դպրոցէն ներս թէ դուրս։
Բառերը բաւարար չեն հրաժեշտի այս պահու զգացումներս արտայայտելու համար։ Անկարելի է մոռնալ դասարանի ուրախ մթնոլորտը, զբօսանքի զանգին սպասելու հրճուանքը, ընկերներուս հետ խաղի, զրոյցի, տագնապի անմոռանալի ժամերը եւ վերջապէս վարժարանի իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ մեր ապրածները:
Վերջին զանգը մեծ վէրք մը բացաւ սրտիս մէջ, հրաժեշտի վէրքը։ Երբ իմացայ, որ տաքուկ օջախիս մէջ վերջին պահը կ’ապրիմ, սարսուռ մը անցաւ մարմինէս։ Թէեւ ուրախ էի ուսումնական կարեւորագոյն շրջանը յաջողութեամբ բոլորելուս համար, սակայն տխրութիւնը կը պատէր հոգիս երբ յիշէի, որ հասած է այս սրբավայրէն հեռանալու պահը:
Սիրելի՛ ընկերներ, վեց տարիները կայծակի արագութեամբ սուրացին։ Շատ ուրախ եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին հետ ծանօթացած ըլլալուս եւ ձեզմէ շատ բաներ սորված ըլլալուս համար։ Յոյսով եմ, որ մեր ընկերութեան ճանապարհը այստեղ կանգ չ’առներ, ու մենք միասնաբար կը շարունակենք ընթանալ Ճեմարանի առաքելութեան ուղիէն`կը պահենք մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնն ու հաւատքը, ինչպէս նաեւ` իրարու տէր տիրական դառնալու մեր գեղեցիկ աւանդոյթը:
Կը մաղթեմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը հասնի իր նպատակին:
Ջերմագին շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ մեր ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան, որոնք ճիգ չխնայեցին լաւագոյնը աւանդելու մեզի:
Երախտապարտ եւ հպարտ կը զգամ, որովհետեւ Ճեմարանը կեանքիս կարեւորագոյն արժէքներէն մէկը դարձաւ:
Յովիկ Տատաղլեան