ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՕԳՏԱԿԱՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻ ԽԱՂՈՂԸ
Խաղողը կը դասուի համեղ պտուղներու շարքին: Ան ոչ միայն համեղ է, այլեւ շատ գեղեցիկ իր աճման բոլոր փուլերուն մէջ: Խաղողի որթատունկը կրնայ ունենալ 30-40 մեթր հասակ: Անիկա կը պարունակէ ջուր՝ 55-87 %, 16-26 % շաքար, C, B1, B2, B6, B12 կենսանիւթեր: Խաղողի բոլոր տեսակներէն կը պատրաստուին գինի, օղի, քացախ եւ ռուպ: Տեղին է յիշել, որ գինիի պատրաստութեան ատեն խաղողը իր օգտակար յատկութիւնները չի կորսնցներ:
Խաղողի հատիկներէն պատրաստուած հիւթը կ’օգտագործեն սակաւարիւնութեան, սրտային հիւանդութիւններու բուժման համար: Նախընտրելի է հիւթը պատրաստել առանց ջուր եւ շաքար աւելցնելու անոր։
Խաղողը ունի նաեւ հետեւեալ օգտակար յատկութիւնները.
Անիկա կը խթանէ ծանրութեան կորուստը։ Վրաստանի համալսարաններէն ներս իրականացած հետազօտութիւնները պարզած են, որ խաղողին մէջ ռեսվերաթրոլ կոչուած նիւթը կը նպաստէ նիհարնալու գործընթացին։ Ան կտրական ձեւով կը նուազեցնէ բջիջներուն ճարպ հաւաքելու կարելիութիւնը եւ կը խթանէ ճարպային բջիջներու ոչնչացումը:
Ան կը պաշտպանէ նաեւ սիրտը։ Ռեսվերաթրոլը ունի արեան անօթներու ճկունութիւնը ապահովող կարողութիւն, ինչ որ կը դիւրացնէ արեան շրջանառութիւնը, իսկ այս պարագային թթուածինն ու սնուցող նիւթերը կը մատակարարուին մարմինին բոլոր մասերուն: Խաղողը նաեւ արեան ճնշումը իջեցնելու կարելիութիւն ունի: Որոշ գիտական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ օրական 10 միլիկրամ ռեսվերաթրոլ ընդունելով կտրականապէս կը նուազեցնենք սրտի կաթուածին վտանգը:
Ան ուղեղին առողջութիւնը կը պաշտպանէ. Զուիցերիոյ հետազօտողներու կատարած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ռեսվերաթրոլը ունի դրական մեծ ազդեցութիւն ուղեղի առողջութեան վրայ: Անոնք պարզած են, որ այս նիւթը կարելիութիւն ունի չեզոքացնելու ուղեղի ազատ ռատիքալները՝ այսպիսով նուազեցնելով Այզհայմըրի հիւանդութեան զարգացման վտանգը:
Ան կը բարելաւէ յիշողութիւնը. Մեծն Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ ռեսվերաթրոլը 200%-ով կը բարձրացնէ ուղեղի արեան շրջանառութիւնը: Գիտնականներ կը կարծեն, որ այդ նիւթը կրնայ բարելաւել մեր մտաւոր ունակութիւնը:
Ան մաշկը կը պաշտպանէ քաղցկեղէն. բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են ռեսվերաթրոլի դրական ազդեցութիւնը քաղցկեղի դէմ պայքարին վրայ: Այս բաղադրիչը, որով հարուստ է խաղողը, կը պաշտպանէ մաշկը արեւուն վնասակար ճառագայթներէն:
Ան մարմինը կը պաշտպանէ ճառագայթումներէն. այս բաղադրիչը ունի ուժեղ եւ պաշտպանիչ ներգործութիւն ճառագայթային բուժման ընթացքին:
***
ԳԻՆԻԻ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Խաղողէն կը պատրաստեն սպիտակ եւ կարմիր գինի։ Բոլորս գիտենք, որ ոգելից ըմպելիին մեծաքանակ օգտագործումը վտանգաւոր է առողջութեան համար: Միեւնոյն ատեն շարք մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ ոգելից ըմպելիին, յատկապէս գինիին քիչ օգտագործումը օգտակար կրնայ ըլլալ առողջութեան համար։
Իտալացի կենսաբաններու եւ բժիշկներու տուեալներով՝ կարմիր եւ սպիտակ գինին օգտակար են սրտին։
Բժիշկներուն մեծ մասը համակարծիք են այն բանին շուրջ, որ գինիի օրական որոշակի չափաբաժինը բարենպաստ ազդեցութիւն կ’ունենայ մարդու առողջութեան վրայ, սակայն չափազանց օգտագործումը կրնայ վտանգաւոր դառնալ։ Հարկ է յիշել, որ կիներու եւ 65 տարեկանէն վեր տղամարդոց համար օրական չափաբաժինը կը կազմէ մէկ գաւաթ (150 կրամ), իսկ այլ տարիքի տղամարդոց համար՝ երկու գաւաթ: