ՓԱՐԻԶ  2024 ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻԿ ԱՐԹՈՒՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ԱՐԾԱԹ ՄԵՏԱԼԻ
Մարմնամարզիկ Արթուր Դաւիթեան նուաճեց արծաթէ մետալ, Փարիզի մէջ ընթացող ամառնային 33-րդ Ողիմպիական խաղերուն: Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Արթուր Դաւիթեան յենացատկի վարժութեան եզրափակիչին երկու ցատկերու հանրագումարին վաստակեց 14.966 կէտ եւ իր մարզական կեանքին մէջ  առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ Ողիմպիական խաղերու  փոխ-ախոյեան:
Յենացատկի վարժութեան որակաւորման փուլին Դաւիթեան 14.666 կէտ  հաւաքելով գրաւեց 7-րդ տեղը:
Այս Հայաստանի առաջին մետալն էր Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն:
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻԿ ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԻԹԵԱՆ ԳՐԱՒԵՑ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ 6-ՐԴ ԴԻՐՔԸ
Հայաստանի Ողիմպիական հաւաքականի անդամ, 35-ամեայ Վահագն Դաւիթեան գրաւեց Փարիզի մէջ տեղի ունեցած 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու 6-րդ դիրքը: Հայ մարմնամարզիկը օղակներու վարժութեան եզրափակիչ հանդիպումին  յաջող ելոյթ ունեցաւ եւ վաստակեց 14.866 կէտ:
Ողիմպիական խաղերու ախոյեանի կոչումին  արժանացաւ Չինաստանի ներկայացուցիչը:
Յիշեցնենք, որ Վահագն Դաւիթեան առաջին անգամ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ողիմպիական խաղերուն:
ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ԴԱՒԻԹ ՉԱԼՈՅԵԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԵՑԱՒ
Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ, գերծանրութիւն բարձրացնող Դաւիթ Չալոյեան Փարիզի Ողիմպիական խաղերու քառորդ եզրափակիչին մրցակից ունեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, Սպանիոյ ներկայացուցիչ Այուպ Ղաթֆա Դրիսին: Լարուած մենամարտին հայ բռնցքամարտիկը ցաւալի պարտութիւն կրեց եւ չկրցաւ տիրանալ պրոնզէ մետալին։ Մենամարտի առաջին փուլի ընթացքին Չալոյեան արժանացաւ  նշանակալի առաւելութեան, բայց մրցավարները առաւելութիւնը շնորհեցին սպանացի բռնցքամարտիկին: Յիշեցնենք, որ մեկնարկային մենամարտին Չալոյեան ծանր պայքարին 3 –  2  արդիւնքով առաւելութեան հասաւ եւ պարտութեան մատնեց  անգլիացի Թելիշուս Օրին: Դաւիթ Չալոյեան առաջին անգամ  իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ողիմպիական խաղերուն:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան