10 Օգոստոս 1920-ին Փարիզի արուարձան Սեւրի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեանը։
Ստորագրուած փաստաթուղթը դաշնակից երկիրներու եւ Օսմանեան կայսրութեան հաշտութեան պայմանագիրն էր, որ պաշտօնապէս կը հաստատէր կայսրութեան բաժանումը Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի միջեւ:
Դաշնագիրի 88-93-րդ յօդուածները առնչուած էին Հայկական հարցին: Թուրքիան Հայաստանը կը ճանչնար որպէս ազատ ու անկախ պետութիւն։ Թուրքիան ու Հայաստանը կը համաձայնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներուն մէջ երկու պետութիւններու միջեւ սահմանազատումը թողուլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսոնի որոշումին եւ ընդունիլ բոլոր առաջարկները՝ Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ յիշեալ սահմանագիծին յարող Օսմանեան բոլոր տարածքներու ապառազմականացումը հաստատելու։
Այդ օրերու աշխարհաքաղաքական զարգացումները, սակայն, ճամբայ չհարթեցին Սեւրի դաշնագիրի իրականացման ու Սեւրին յաջորդեց 24 Յուլիսի 1923-ին կնքուած Լոզանի դաշնագիրը, որուն հետեւանքով ալ Արեւմտեան տէրութիւնները ճանչցան Մուսթաֆա Քեմալի կառավարութիւնը եւ անոր իրաւունքը Արեւելեան Թրակիոյ, Իզմիրի եւ Կիլիկիոյ նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր այն տարածքներուն, որոնք անցած էին Հայաստանին Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրով։ Աւելին՝ անոնք ճանչցան Թուրքիոյ նոր սահմանները, որոնք կ’ընդգրկէին Արեւելեան Հայաստանի նախկին շրջանները՝ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն (1921-ին կնքուած Կարսի եւ Մոսկուայի դաշնագրերու ստորագրումով)։
Ու թէեւ Լոզանի դաշնագիրը մեծ նուաճում էր Թուրքիոյ համար, եւ անոր ստորագրումով վճռուած է Թուրքիոյ սահմաններուն հարցը մինչեւ այսօր, այդուհանդերձ, Սեւրի դաշնագիրը երբեք չէ կորսնցուցած իր նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը:
Թուրքիա քաջածանօթ է Սեւրի դաշնագրին որեւէ պարագաներու փոփոխութեան լոյսին տակ կիրարկման դրուելու հաւանականութեան, հակառակ անոր որ ներկայ աշխարհաքաղաքական զարգացումները ի նպաստ իրեն կ’ընթանան։ Այս իսկ պատճառով ամէն գնով զայն ու անոր հետ կապուած հայկական պահանջատիրական մօտեցումները խափանելու տարատեսակ փորձերու կը դիմէ, նոյնիսկ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատման պատրուակին տակ, անուղղակիօրէն։
Թուրքիա կը ջանայ մոռացութեան մատնել ցեղասպանութեան հարցը, կը ջանայ որակազրկել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, լուսարձակի տակ պահել Ատրպէյճան-Հայաստան այսպէս կոչուած «խաղաղութեան համաձայնագիր»-ի շուրջ ցարդ արդիւնք չտուող բանակցութիւնները եւ այսպէս շարունակ։
Իսկ գետնի վրայ կարելի՞ է մտածել Սեւրի մասին, երբ ազատագրուած Արցախն անգամ կորսնցուցած ենք ու անոր հայկական հետքերը աղաւաղելու Ատրպէյճանի փորձերուն դիմաց անզօր կանգնած…։
Քաղաքականութիւնը, բնականաբար, ներկայ հարցերու կառավարման ու լուծումներու որոնման միտող գործընթաց է, սակայն որեւէ երկրի օրինական իրաւունքները սերունդներու եւ քաղաքական գործիչներու յիշողութեան մէջ վառ պահելը կարեւոր ազդակ է պարզ այն պատճառով, որ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները ընդհանրապէս անակնկալներու դիմաց կրնան դնել շատ մը երկիրներ եւ փոխել կացութիւններ։ Նման կացութիւններու մէջ հայկական կողմը տէրը պիտի ըլլայ իր իրաւունքներուն եւ օգտագործելով պահը փորձէ կեանքի կոչել իւրաքանչիւր փաստաթուղթ։
Սեւրի ստուերը նշմարելի կրնայ ըլլալ անսպասելի մէկ պահու, ահա թէ ինչո՛ւ հարկ է ձերբազատիլ անցեալէն խուսափիլ փորձող, պատմութիւնը ուրացող, պատմութեան դասագիրքերը սահմանափակող անհեռանկար մօտեցումներէ եւ սերունդներու յիշողութեան եւ գիտակցութեան մէջ արթուն պահել ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման հարցը, այնպէս ալ Սեւրի դաշնագիրը։