Համազգայինի ուսանողական համախմբումը ամէն տարի տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ։ Մասնակցելով տեղեկացայ, որ անոր նպատակը աշխարհի չորս ծագերէն ուսանող հայ երիտասարդներ համախմբելն ու զիրենք ծանօթացնելն է հայրենիքին, անոր մշակութային հարստութեան, տեսարժան վայրերուն եւ ժողովուրդին։
Երբ ինծի առաջարկուեցաւ Սուրիոյ Համազգայինին կողմէ մասնակցիլ այս տարուան համախմբումին, մեծ խանդավառութեամբ ընդառաջեցի ու սկսայ պատրաստուիլ։ Առաջին անգամ պիտի այցելէի հայրենիք, ինչ որ մեծ հպարտութիւն եւ ուրախութիւն էր ինծի համար:

Համախմբումին բացումը տեղի ունեցաւ «Յովնանեան Հիմնադրամ»-ի շէնքէն ներս, պատշաճ հանդիսութեամբ։ Ապա մասնակիցներս ծանօթացանք եւ 11 օրուան ընթացքին հաճելի եւ յիշատակելի պահեր ապրեցանք։ Այցելեցինք Հայաստանի կարեւոր վայրեր։

Հայրենիքս այնքան տպաւորիչ էր հիանալի բնութեամբ եւ մշակութային վայրերով:
Օրերու ընթացքին մտերմացանք, մէկս միւսէն շատ բան սորվեցաւ, արծարծեցինք երիտասարդական հարցեր, զրուցեցինք դաստիարակչական, քաղաքական տարբեր նիւթերու շուրջ։ Կիւմրիի մէջ մեր հանդիպման ընթացքին, իւրաքանչիւր մասնակից ամփոփ տեղեկութիւն տուաւ իր գաղութին, տարուած աշխատանքներուն եւ միութենական կեանքին շուրջ։ Այսպիսով բոլորս իրազեկ դարձանք հայկական տարբեր համայնքներու տարած աշխատանքին եւ պարզած վիճակին։

Երեկոյեան «Talent Show» յայտագիրին մասնակցելով համախմբումի մասնակիցները երգով, ասմունքով, նուագով եւ այլ գեղարուեստական ելոյթներով ի յայտ բերին իրենց ձիրքերը։

Կ’ուզեմ պատմել յիշարժան օրերէն մէկուն մասին, որ ցնցեց ողջ էութիւնս։ Երբ այցելեցինք Սարդարապատ համալիր, կարծէք զանգերու ղօղանջը արձագանգեց ականջներուս մէջ՝ պատգամելով հայրենիքիս փառքն ու յաղթանակը վերադարձնել եւ բռնագրաւուած հողերը ազատագրել։ Մեծ պատասխանատուութիւն զգացի։ Յետոյ հասանք Եռաբլուր. այնտեղ ահաւոր տեսարան մը կը պարզուէր, խիստ եւ յուզիչ։ Պահ մը շնչասպառ դարձայ, երբ տեսայ արցախեան ազատամարտիկներուն շիրիմներուն քով ծունկի իջած ծնողներ կու լան եւ կ’ողբան։ Դրօշներու ծածանման ձայնը ահաւոր էր, կարծէք նահատակներուն հոգիները կ’երգէին հայրենիքի համար պայքարի երգը։ Երբ կանգնեցայ առիւծասիրտ, հալէպահայ երեք նահատակներու շիրիմներուն առջեւ յարգանքի տուրքս մատուցելու, պահ մը մտածեցի թէ մենք որքա՜ն քիչ բան կու տանք մեր ազգին ու հայրենիքին։

Մեր այցելութեան վերջին վայրը Ծիծեռնակաբերդն էր։ Այնտեղ կրկնապատկուեցաւ կարծէք պատկանելութեան զգացումս։ Պահ մը ուզեցի վերադառնալ արմատներուս, զայրոյթ ապրեցայ մեր ահաւոր կորուստներուն համար, սակայն որոշեցի ամէն գնով պահել ինքնութիւնս, զարգացնել մայրենիի իմացութիւնս, բազմապատկել կարդալիք գիրքերս, իմ անձնական կեանքին կողքին ծառայել հաւաքական կեանքին։

Ցաւօք Արցախը տեսնելու փափաքս իրականանալի չէր, բայց ներքուստ համոզուած եմ, որ օր մը պիտի տեսնեմ անպայման:

Այցելեցինք համալսարաններ, եկեղեցիներ, գիւղեր եւ թանգարաններ։ Գառնի, Գեղարդ, Խոր Վիրապ, Ամբերդ, Արագած լեռ, Սեւանայ լիճ, Կիւմրի, Դիլիջան, Ծաղկաձոր, Ազգային Ժողով եւ շատ մը վայրեր ու մեծ տպաւորութիւններով ու յիշողութեամբ վերադարձանք։

Փակման օրը ուղղուեցանք Տէրեան ճաշարան, ուր մտերմիկ եւ յիշատակելի երեկոյ մը անցուցինք։ Աւարտին իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ իր մասնակցութեան հաստատագիրը։
Դժուարութեամբ հրաժեշտ տուինք իրարու, ապա միշտ կապի մէջ մնալու եւ դարձեալ տեսնուելու յոյսով փակեցինք
համախմբումի յայտագիրը:

Դեռ այնքա՜ն յուշեր կարելի է գրել համախմբումին մասին…

Վերջապէս կ’ուզեմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Համախմբումի Յանձնախումբին եւ մեր սիրելի պատասխանատուին՝ Տօնիկ Տօնապետեանին, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեց յաջողցնելու այս ծրագիրը:

Կը քաջալերեմ երիտասարդներու մասնակցութիւնը ուսանողական այս օգտաշատ հաւաքին:
Գիտելիքներով, ընկերներով եւ յիշատակներով հարստացած վերադարձայ Հալէպ։

Յակոբ Քիւրքճեան