Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով Քեսապի մէջ 12 Օգոստոս 2024-էն ընթացք առած եկեղեցական արարողութիւնները իրենց լրումին հասան Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ խաղողի ու բկեղի օրհնութիւն կատարուեցաւ, Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2024-ի առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան։
Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր աղօթելով՝ խաղողի եւ բկեղի օրհնութիւն կատարեց, ուխտաւոր ժողովուրդին ներկայութեամբ։
Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ կրկին անգամ շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով։
Ան աղօթք բարձրացուց առ Բարձեալն Աստուած՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ողջ աշխարհին համար, մաղթելով, որ Ամենակալը խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաստատէ երկրի վրայ։ Ան աղօթեց ղեկավարներուն համար, որպէսզի իմաստութեամբ ճիշդ որոշումներու յանգին։
Մակար Սրբազան պարզեց սրտանց եւ արցունքով աղօթելու կարեւորութիւնը, դիտել տալով, որ տօնական առիթները ոսկեայ միջոցներ են՝ խմբովին զգաստանալու, մեր անձերը ինքնաքննութեան ենթարկելու եւ Աստուածամօր յատկանիշերը մարմնաւորելու մեր կեանքին մէջ, որպէսզի Աստուած Իր օրհնութիւններով եւ բարիքներով շնորհազարդէ մեր կեանքը։
Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հայր սուրբը՝ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնի եկեղեցական արարողութիւնները լաւագոյնս կարգաւորելուն համար։ Ան գնահատեց Քեսապի թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, դպրաց դասը, սարկաւագները, դպիրները եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց աջակցութիւնը բերին հոգեւոր, մշակութային աւանդական ձեռնարկները իրենց աւարտին հասցնելու եւ յաջողութեամբ պսակելու, խնդրելով Աստուածամօրմէ, որ իր կուսական քօղը տարածէ բոլորին վրայ, պաշտպանէ եւ այնպէս ինչպէս Մանուկ Յիսուսի ձեռքէն բռնած անոր քայլերը առաջնորդեց, մեր՝ հաւատացեալներուս քայլերը առաջնորդէ ի բարին եւ ի կատարեալը։