Ատրպէյճան Արցախի բնակչութիւնը հայրենազուրկ դարձնելէ, ցեղային զտում իրականացնելէ եւ Արցախի եկեղեցիները, գիւղերն ու մշակութային կոթողները քանդելէ ետք, կլիմայական գործողութիւններու ծրագրաւորման պատրուակով, իբրեւ թէ իր «ազատագրած տարածքները վերակենդանացնելու համար»  ամբողջ Արցախի տարածքին կը ջանայ հիմնել «խելացի» բնակավայրեր, խթանել «կանաչ» ելեկտրոնային գօտիները, գիւղատնտեսութիւնն ու երթեւեկութիւնը մէկ ու միակ նպատակով՝ յստակօրէն «կանաչապատելու» Արցախի մէջ իր իրագործած ցեղային զտումը։
Ատրպէյճան ՔՈՓ-29 կլիմայական ժողովի գումարումը պիտի օգտագործէ յատկապէս Արցախի բռնագրաւումը օրինականացնելու։ Կանաչապատման, կլիմայական գործողութիւններու ծրագրաւորման ամբողջ գործընթացը առնչուած է Արցախի տարածքին։ Ատրպէյճան կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ քանդեց ինչ որ հայկական էր, հիմնեց օդակայան, նոր բնակավայրեր, ու այսօր կը նախապատրաստուի կլիմայական ամբողջ ծրագիրներու կեդրոնը դարձնել Արցախը, որպէսզի թէ՛ անոր դիմագիծը վերջնականապէս փոխէ՝ կլիմայական բարեկարգումներու շղարշին տակ, եւ թէ միջազգային ներդրումներ ապահովէ իր այդ ծրագիրներուն համար։
Այս բոլորին կողքին, շահագրգռելով տարբեր երկիրներ իր քարիւղի հանքերով եւ կենսոլորտի բարելաւման ծրագիրներով, Ատրպէյճան կը ձգտի վերջնականապէս կերպարանափոխել Արցախ բնաշխարհը՝ կլիմայական բարեկարգումներու պիտակին տակ։
Այս խոսոյթով Ատրպէյճան մոռացութեան մատնել կը ջանայ տարի մը առաջ իր գործած ոճիրները, Արցախի բնակչութեան բռնի տեղահանման, Արցախի քաղաքական ղեկավարներու ձերբակալման ու Արցախի պատմական կոթողներու քանդումի բռնարարքները ու արեւմտեան, այսպէս կոչուած, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան երկիրները կանաչապատ խոստումներով կը փորձէ խաբել։
Հայկական լրատուամիջոցները, Հայ Դատի գրասենեակներու տարած աշխատանքին կողքին, իրենց բոլոր միջոցները ի գործ դնելով գէթ Ատրպէյճանի ոճիրները ջուրի երես կրնան հանել ու մարդու իրաւունքներու պաշտպան համարուող կազմակերպութիւններու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահել Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին, քանդուող մշակոյթին, գերեվարուած քաղաքական ղեկավարներուն պատկերները ու խոչընդոտ հանդիսանալ Ատրպէյճանի կլիմայի պահապանման անուան տակ ծրագրած Արցախի բռնագրաւման օրինականացման քայլերուն։
Արցախը Ատրպէյճանի միակ թիրախը չէ սակայն, Թուրքիոյ հետ ծրագրաբար Ատրպէյճան կլիմայի փոփոխութեան պատրուակով կրնայ լուսարձակի տակ բերել նաեւ Հայաստանի Մեծամօրի աթոմակայանը՝ Հայաստանը զրկելու միջուկային կենսուժի հիմնական կայանէն։
Կանաչ ծածկոյթը պատռելու  եւ Ատրպէյճանի ոճիրները լուսարձակի տակ բերելու համար Քանատայէն դողոջուն ձայն մը հնչեց որպէս պատասխան Լիբանանի Հայ Դատի Յանձնախումբի նամակին. սա կը նշանակէ, որ կարեւոր է արեւմտեան երկիրները Ատրպէյճանի ոճիրներուն իրազեկ պահելը, որովհետեւ ՔՈՓ-29-ի մասնակցութեան համաձայնութիւն տուող շարք մը երկիրներ նախապէս հաստատած են Ատրպէյճանի գործած միջազգային կոպիտ խախտումները ու չեն կրնար կուլ տալ անոր կանաչապատ արդարացումները։