Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հրատարակութիւնները հարստացան նոր ծնունդով մը՝
«Աստուած Մարդ
Յարաբերութիւնը Քրիստոսով
Մատթէոսի Աւետարանը
Ա. Հատոր
Գլուխներ 1-18 Բացատրողական»
ծաւալուն գիրքով։ Հալէպ, 2024։

Յառաջաբանին մէջ Մակար Սրբազան կը գրէ.
«Իմ յոյսս եւ հաւատքս է, որ այս համեստ աշխատանքը ընթերցողները Աստուծոյ խօսքին դիմաց ինքնաքննութեան եւ հաւատապնդման հրաւիրող գեղեցիկ առիթ մը կ՚ըլլայ։ Առիթ մը, որպէսզի աւելի խոր յարաբերութեան մէջ մտնելով Աստուծոյ խօսքին հետ, ըմպեն անոր աւիշէն, յագենան եւ աստուածային իմաստութեամբ լուսաւորուելով՝ գիտութիւն ձեռք ձգեն»: