Եագուպիէի Ս. Աննայի ուխտի օրը մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սպասուած տօն մըն է ուխտաւոր հաւատացեալներուն համար։
Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, կազմակերպութեամբ՝ Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան, Կիրակի, 25 Օգոստոս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր
եկեղեցւոյ մէջ, Եագուպիէի Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, ապա նաեւ մատաղօրհնէք կատարուեցաւ։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Թեհրանէն ժամանած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեան:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան, Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչը, Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնն ու տիկնաց յանձնախումբը եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն մը:
Տօնական մթնոլորտի մէջ, դպրաց դասին քաղցրահունչ երգեցողութեամբ եւ ուխտաւորներուն մասնակցութեամբ երգուեցան Ս. Պատարագի շարականները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, հիմնուելով օրուան առաքելական նամակի հետեւեալ հատուածին վրայ. «Արդարեւ, մաքրենք կատարելապէս մեր անձերը եւ Աստուծոյ երկիւղով ապրինք», որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր հաւատացեալ կը հրաւիրուի ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչումի, գիտնալու համար, թէ կատարելապէս մաքրուելով, իսկապէս ճշմարիտ Աստուծոյ երկիւղով կ՚ապրի՞ իր կեանքը։ Ան նշեց, թէ այսօր կը զուգադիպի Աստուածամօր վերափոխման տօնին 8-րդ օրուան, որուն առնչութեամբ առաքեալը կարեւոր եւ դիպուկ մատնանշում մը կը կատարէ, երբ կ՚ըսէ, թէ ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ հեթանոսական մեհեաններուն միջեւ, յիշեցնելով, որ մենք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, որովհետեւ Աստուած խոստացաւ մեզի հետ ըլլալ եւ որպէս հայր պատուիրեց, որ հեռանանք հեթանոսական պղծութենէն, քանզի մեզ իր որդիները կոչեց։ Ուստի, Սրբազան Հայրը պատուիրեց, որ հաւատացեալները իրենց մտահայեացքը բանալով վերամտածեն այս ճշմարտութեան մասին եւ որպէս մկրտութեան աւազանէն դուրս եկած եւ Քրիստոսը հագած նոր մարդ, կատարելապէս մաքրուած ընդունին Տէրը, այդպիսով Սուրբ Հոգիի տաճար կը դառնան, Քրիստոսի ժառանգակից կ՚ըլլան եւ Հայր Աստուծոյ որդեգրութիւնը կը ստանան։
Մակար Սրբազան մաղթեց, որ Աստուածամօր օրինակին հետեւելով, երբ Աստուծոյ կը մօտենանք՝ արդարութեան, սրբութեան, ներողամտութեան, խոնարհութեան, հեզութեան եւ ծառայասիրութեան բոյրը պէտք է տարածուի մեզմէ եւ ոչ թէ բարկութեան, թշնամութեան, հպարտութեան, նախանձի եւ մեղքի բոյրը։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Ս. Աննան Դ. դարուն ապրած Յուդային մայրն է, այն Յուդային, որ Հեղինէ կայսրուհիին Քրիստոսի խաչափայտին վայրը ցոյց տուաւ, դարձի գալով քրիստոնեայ մկրտուեցաւ եւ Կիւրեղ անունը ստացաւ։ Իր մայրը Ս. Աննա տեսնելով իր որդւոյն հաւատքը՝ քաջալերուեցաւ եւ քրիստոնեայ մկրտուեցաւ։ Ան բազում չարչարանքներու ենթարկուեցաւ, սակայն իր հաւատքին վրայ անդրդուելի մնալով նահատակուեցաւ։
Սրբազան Հայրը Աստուածածինին վարքէն օրինակ մը մէջբերեց, յայտնելով, որ երբ Մարիամ Գաբրիէլ հրեշտակէն յղանալու աւետիսը ստացաւ, Աստուածամայր ըլլալով չհպարտացաւ, այլ խոնարհաբար վազեց Եղիսաբէթի մօտ, որպէսզի անոր հոգատարութիւնը յանձն առնէ եւ Եղիսաբէթը Մարիամի Աստուածամայր ըլլալուն առաջին վկան հանդիսացաւ, երբ իր ուրախութիւնը յայտնեց, ըսելով, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ՚այցելէ։
Մակար Սրբազան հրաւիրեց ուխտաւորները՝ բանալու իրենց սրտերն ու հոգիները եւ Աստուածամօր գլխաւորութեամբ, Ս. Աննայի, Կիւրեղ եպիսկոպոսի եւ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը խնդրելու, որպէսզի դժուարութիւններուն մէջ շարունակեն հոսանքն ի վեր հաւատքով դիավարել։
Սրբազան Հայրը գնահատեց Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան վարչութիւնն ու տիկնաց յանձնախումբը, որոնք մատաղօրհնէքի պատրաստութեան աշխատանքը մեծ սիրով կատարեցին։ Ան գնահատեց նաեւ օրուան պատարագիչ Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեանը, որ իր հօր անակնկալ մահուան տխուր առիթով Թեհրանէն ժամանած է Հալէպ եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց անոր եւ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն։
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Սրբազան Հայրը Ս. Աննայի սրբապատկերով թափօր կազմած, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց, ապա ուխտաւորներու ներկայութեան աւանդական մատաղօրհնէք կատարեց։ Մակար Սրբազան շնորհաւորեց Աննա անունը կրողները եւ բարօր օրեր մաղթեց բոլորին։
Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան անդամներուն պատրաստած աւանդական Հարիսան օրհնուելով բաժնուեցաւ ուխտաւոր ժողովուրդին։