Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Հաքան Ֆիտանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի 27 Օգոստոսին տեղի ունենալիք հանդիպումին պիտի քննարկուին նաեւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը, ինչպէս նաեւ Անգարայի ու Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր։
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցումին համաձայն, այս մասին յայտնած է Turkish insider-ը՝ աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ճեյհուն Պայրամովի Անգարա կատարելիք այցելութեան ընթացքին։
«Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով 27 Օգոստոսին պիտի այցելէ Անգարա՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հրաւէրով», յայտնած է Turkish insider-ը։
Հաղորդուած է, որ քննարկումի նիւթերէն պիտի ըլլայ նաեւ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւնը։