Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը գրէ.
«Օրեր առաջ ատրպէյճանական Culture of Azerbaijan կայքը տարածեց յայտարարութիւն Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» (Տատիկ-պապիկ) յայտնի յուշարձանին մասին՝ նշելով, որ անիկա կառուցուած է Ատրպէյճանի իբրեւ թէ Խանքենդի քաղաքին մէջ 1967 թուականին եւ «Ատրպէյճանի բազմամշակութային և ազգային-կրօնական հանդուրժողականութեան բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է»։
Հանրայայտ է, որ յուշարձանը հայկական Արցախի ժամանակակից խորհրդանիշներէն մէկն է եւ որ անիկա ստեղծուած է որպէս նշան եւ խորհուրդ երկրամասի հայ ինքնութեան:

Աւանդական կեցուածքով եւ արտաքինով տարեց ամուսնական զոյգը հաստատումն էր արցախահայերու պատմական անցեալին եւ ապագայ յոյսերուն։ Յոյսեր, որոնք այսօր ի դերեւ ելած՝ են Ատրպէյճանի հայասպան քաղաքականութեան հետեւանքով: Յատուկ Հայաստանէն բերուած կարմիր տուֆէ կերտուած կոթողի քանդակագործն է Սարգիս Պաղտասարեան, իսկ ճարտարապետը՝ Իւրի Յակոբեան։

Քանդակագործը իր աշխատանքը բնութագրած է հետեւեալ ձեւով․ «Յուշարձանը կը ներկայացնէ աւանդական տարազով տարեց արցախցի ամուսիններ՝ ուս-ուսի, հպարտ ու անհողդողդ կեցուածքով ու սեւեռուն հայեացքով։ Կոթողը պատուանդան չունի, բայց կարծես լեռնաբլուրը ճեղքուած է, եւ անոնք այդ ճեղքէն բարձրացած, կանգնած են՝ ոտքերը ամուր խրած հայերու հողին մէջ»։ Աւելցնենք, որ տարեց զոյգը ծնունդով Արցախէն քանդակագործի տատի եւ պապի կերպարներով քանդակուած է. «Անոնք ժողովուրդն են, անոնք հողն են, անոնք մենք ենք, մեր լեռները։ Այս մարդիկ այստեղ ծնած են, այստեղ են անոնց հազարամեայ արմատները, անոնք են իսկական տէրը այս հողին ու բնութեան» գրած է քանդակագործը (Սարգիս Պաղդասարեանի «Ղարաբաղցիները»):

Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն վերջ պաշտօնական ատրպէյճանական կողմը երկար ժամանակ գրեթէ չէր անդրադառնար այս յուշարձանին: Յուշարձան, որ Արցախի հայութեան ամենավառ ու հանրայայտ խորհրդանշանն էր, չէին անդրադառնար եւ «չէին նկատեր» բռնագրաւուած Ստեփանակերտ այցելող ատրպէյճանցի լրագրողները, մամուլի գործիչները: Միայն որոշ լրատուականներու մէջ կ’արծարծէին կարծիքներ՝ զայն քանդելու: 2023 թուականին վերջերը եղան հատուկենտ հրապարակումներ, ուր նշուած էր, որ յուշարձանը հայերը «հայկականացուցած են». ատրպէյճանական կողմը կը փորձէր տարածել այն թէզը, որ դէմ են ոչ թէ յուշարձանին, այլ անոր «գաղափարական ազգայնական մեկնաբանութեան»:

Ատրպէյճանական հրապարակումներէն կարելի է եզրակացնել, որ խորհրդային տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու սեփական պատմութեան, մշակոյթին, արմատներուն ուղղուած որեւէ դրսեւորում կը համարուէր «ազգայնական»:
Վերջերս յատուկ այս յուշարձանին անդրադարձաւ բռնագրաւուած Ստեփանակերտը լուսաբանող Քիամրան Ռազմովարը, որուն հիմնական շեշտադրումն էր, որ յուշարձանը զետեղուած է խորհրդային տարիներուն, երբ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Ատրպէյճանի մաս էր, որ ըստ անոր կը նշանակէ, որ յուշարձանը զետեղուած է խորհրդային Ատրպէյճանի պիւտճէէն յատկացուած գումարներով, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա ատրպէյճանական է:

Այս շեշտադրումները ցոյց կու տան, որ ատրպէյճանական կողմը փրօիշխանական իր քարոզչութեան միջոցով սկսած է յուշարձանը իւրացնելու գործընթաց, ուր կ’երեւին յուշարձանին վերաբերող թէզերը (իբրեւ թէ յուշարձանը կառուցուած է Պաքուի գումարներով, անիկա ատրպէյճանական է եւ ցոյց կու տայ հայերուն հանդէպ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հանդուրժողականութիւնը խորհրդային տարիներուն):

Հարկ կը համարենք նշել, որ յուշարձանի գաղափարը կեանքի կոչուած է այդ տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի մարզային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի անմիջական մասնակցութեամբ։

Յուշակոթողի շինարարութեան եւ տեղադրման դէմ եղած է Սովետական Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը։ Աւելին՝ բողոք բարձրացած է եւ պահանջուած է, որ փոխել զայն: Ատրպէյճանի կոմունիստական կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէն յատուկ յանձնաժողովի համար ժամանած է Ստեփանակերտ՝ պարզելու, թէ «Մենք ենք մեր սարերը» կոթողին ո՞ր «մենքի» եւ ո՞ր «սարերու» մասին է խօսքը: Հայկական կողմի ջանքերուն շնորհիւ միայն յաջողած են փրկել կոթողը: Այս հանգամանքը իրենց յիշողութիւններուն մէջ վառ պահած են այդ տարիներուն ԼՂԻՄ-ի մէջ պաշտօն զբաղեցնող տարբեր անձինք, արձանի տեղադրման առնչութիւն ունեցած են ե՛ւ արձանի հեղինակ՝ Սարգիս Պաղդասարեանի մտերիմները եւ հարազատները (Սարգիս Պաղտասարեանի «Ղարաբաղցիները»):

Մեր Արձագանգը

Յուշարձանի հանդէպ Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը ժառանգութեան իւրացման փորձ է, երբ ան ոչ միայն կը կտրուի հայկական պատկանելութենէն, այլեւ Ատրպէյճանի համար կը ստեղծէ բազմամշակութային եւ հանդուրժող երկրի կերպար։ Այսպիսի քաղաքականութեամբ Ատրպէյճան կը խախտէ ՄԱԿ-ի՝ 2005 թ. Փարիզի մէջ ընդունած «Մշակութային ինքնարտայայտման ձեւերու բազմազանութեան պաշտպանութեան եւ խրախուսման մասին» համաձայնութիւնը։ Համաձայնութիւնը կարեւոր կը համարէ մշակութային բազմազանութիւնը որպէս հանրութեան, ժողովուրդներու եւ ազգերու կայուն զարգացման շարժիչ ուժ։ Բայց համաձայնութեան «Մշակութային բազմազանութիւն» բաժինը, անհէաժըշտ կը համարէ պահպանումը ձեւերու բազմազանութեան, որոնց միջոցով խումբերու եւ հասարակութիւններու մշակոյթները կը գտնեն իրենց արտայայտութիւնը: Համաձայն ՄԱԿ-ի համաձայնութեան 2-րդ յօդուածին՝ մշակութային բազմազանութեան պաշտպանութիւնը կարելի է միայն այն պարագային, երբ երաշխաւորուած են մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները։ Փաստօրէն կարելի է եզրայանգել, որ մշակութային ինքնարտայայտման ձեւերու բազմազանութեան պաշտպանութիւնը կ’ենթադրէ բոլոր փոքրամասնութիւններու եւ տեղաբնիկ ժողովուրդներու մշակոյթները յարգանքը։

Աւելին՝ համաձայնութեան լոյսին տակ, մշակոյթը զարգացման հիմնական շարժիչ ուժերէն մէկն է: Ուշագրաւ է յատկապէս, որ, ըստ համաձայնութեան, «պաշտպանութիւն» կը նշանակէ մշակութային ինքնարտայայտման ձեւերու բազմազանութեան պահպանումին, պաշտպանութեան ու ընդլայնումին ուղղուած միջոցներու ձեռնարկում»։