Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի «Ինչպէս մտանք Ղարաբաղ, ինչպէս մտանք Լիպիա, այդպէս ալ կրնանք մտնել Իսրայէլ» յայտարարութեան առնչուող արձագանգները կը շարունակուին։
Թրքական ընդդիմադիր «Diken» լրատուամիջոցը հրապարակած է թուրք վերլուծաբան Ջան Աթաքլըի ուշագրաւ յօդուածը, ուր հեղինակը հեգնանքով կը մօտենայ Իսրայէլի վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահի «կոշտ» յայտարարութիւններուն։
Աթաքլը, յղում կատարելով ամերիկեան կողմին, կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ ռազմածովային ուժերուն պատկանող «TCG Anadolu» ռազմանաւը մասնակցած է թուրք-ամերիկեան զօրավարժութիւններուն Միջերկրական ծովին մէջ, որուն վերաբերեալ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդած։
Ըստ յօդուածի հեղինակին, այդ զօրավարժութեան մասին ոչ ոք կ’իմանար, եթէ չըլլար ամերիկեան կողմը, որ հանրայնացուցած էր տեղի ունեցածը։
Այս բոլորին մէջ ուշագրաւը այն է, որ այդ զօրավարժութիւնները, ըստ էութեան, եղած են ի աջակցութիւն Իսրայէլի եւ այդ շրջագիծին մէջ շատ տարօրինակ է Անգարայի նման քայլը, որ մէկ կողմէ կը սպառնայ ներխուժել Իսրայէլ, բայց միւս կողմէ կը մասնակցի Իսրայէլի աջակցող ամերիկեան զօրավարժութիւններուն։
Ջան Աթաքլը կը բացառէ այդ որոշումին առանց Էրտողանի իմացութեան գոյացած ըլլալը, քանի որ եթէ այդպէս ըլլար, Էրտողան «խիստ կը բարկանար»։
«Էրտողան հաւանաբար լրատուամիջոցներէն իմացած է, որ թրքական ռազմածովային ուժերը զօրավարժութեան կը մասնակցին Իսրայէլը պաշտպանելու համար», հեգնանքով գրած է թուրք վերլուծաբանը: